Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2014 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցը Սուրբ Երկիր

 
Պէյրութ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Սուրբ Երկիր 24-էն 26 մայիս: Ան հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ 24 մայիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, որուն պիտի մասնակցի Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, Յորդանանի եւ Երուսաղէմի համայնքապետերը, որոնց շարքին Առաքելական կառավարիչ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէ էկզարքութեան՝ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը: Իսկ 25 մայիսին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Ամմանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւոր Տիրոջ  գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը:

 

Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ