Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսք. Առանձին Չենք Մեր Խաչերուն Մէջ…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, Վարագայ Սուրբ Խաչն է այսօր: Հայապատո՛ւմ ու հայադրո՛շմ տօնը, որուն քանի մը տուեալներու եւ խոհերու իմացումով կրնանք դարձնել մեր կեանքը դեռ աւելի հայավարի՛ ու հայավայե՛լ` զայն դարձնելով դեռ աւելի քրիստոնէակա՛ն եւ մարդկայնակա՛ն:
Վարագ 3250 մեթր բարձր լեռն է Վանի հարաւարեւելեան կողմը` անկէ հինգ քիլոմեթր հեռու: Վարագի արեւմտեան լանջին վրայ Է. դարուն կառուցուեցաւ այն վանական համալիրը, որ իր վերին, ներքին ու ստորին մենաստաններով, 12 եկեղեցիներով եւ մատուռներով հանդիսացաւ մին միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն անուանի հոգեւոր, եկեղեցական, մշակութային եւ ազգային կենդրոններէն:
Աղօթատեղիներուն բազմութիւնը քարաշէն ու հոգեղէն վկան է այն պատմական իրողութեան, որ Վարագայ վանքը սրբազան վայրն եղած է միշտ, քանի արդէն հինաւուրց ժամանակներէն անոր շուրջը գոյացած մենարաններուն մէջ եւ Վարագի սարալանջին վրայ կը ճգնէին Աստուծոյ իրենց կեանքը նուիրած անձեր` հայեր ու հայուհիներ:
Առանձնակեցութիւնն ու ճգնաւորութիւնը աւանդաբար հասած էին նահատակ Հռիփսիմեանց կոյսերէն, որոնց Վարագայ լերան մէկ քարանձաւին մէջ պահած Յիսուսի խաչափայտին կտորը չորս դար ետք երեւցաւ հոն ճգնած Թոդիկ անունով մենակեացին. ան, իր կարգին, տեսաւ լուսափայլ զուարթուններուն էջքը լերան գագաթին վրայ: Մասունքը տեղափոխուեցաւ Վարագայ վանքին խորանը:
Այս հրաշադէպքէն սկսեալ Վարագայ վանքը, «գերահրաշակոյտ անհասական եւ գերանբաւ շնորհքի շտեմարան» ուխտատեղին, հոգեմտաւոր ու մշակութային կեանքին օրրանը, մատենա-ձեռագրական եւ մանրանկարչական գործունէութեան կենդրոնը, ազգային ոգիին ու տոհմային արուեստին սրբավայրը դառնալով դարերու ընթացքին`,ընդհանրապէս Հայաստանի եւ յատկապէս Վասպուրականի ամէնէն նշանաւոր մենաստաններէն մին եղաւ, որուն փառքն ու մեծութիւնը ներբողեցին տաղասացներ եւ մատենագիրներ:
Պատմականօրէն եւ հոգեբանօրէն ստոյգ է, որ Վարագայ վանքն իր Սուրբ Նշանով կը խօսէր հայերուս սրտին ու մտքին, քանի որ անոր պատմագրութիւնը իրական դրսեւորումն է հայոց պատմութեան այն յիսուսահաւատ ընթացքին եւ մեր ազգին քրիստոնէական առօրեային, որ իրաւացիօրէն բնորոշուած է «բազմաչարչար» ամենասաց բառով:
Խաչափայտին մասունքին մէջ մեր ժողովուրդը միշտ գտաւ ոչ միայն իր ապաւէնը եւ կենսատուն, այլ նաեւ իր պատկերն ու պատճառը` իր չարչարանքին… Նոյնն ըլլալու է այսօր:
Մեր առօրեային դժուարութիւնները, ցաւերը, հիւանդութիւնները եւ նոյնիսկ մահերը, որոնք մարդապատկան եղելութիւններն են անխուսափելի, «խաչեր» կ՛անուանենք այն ատեն լոկ, երբ զանոնք կը տանինք Աստուծոյ համար, Յիսուսի սիրոյն, Մարիամի համակերպութեամբ:
Աստուծոյ համար տարուած ամէն դժբախտութիւն, սակայն, որ «խաչ» է, ալ չի դժբախտացներ մեզ: Յիսուսի սիրոյն տարուած ամէն նեղութիւն, սակայն, որ «խաչ» է, ալ չի նեղացներ մեզ: Մարիամի համակերպութեամբ տարուած ամէն տառապանք, սակայն, որ «խաչ» է, ալ չի տառապեցներ մեզ…
Այս «խաչեր»-ը միայն դրական ու բարեշրջող են, քանի որ կը սրբակերտեն մեր օրը, կը թեթեւցնեն մեր ընթացքը, կ՛ազնուացնեն մեր խօսքը, կը պտղաբերեն մեր գործը, կ՛անմահացնեն մեր հոգին` մեր առջեւ դնելով անշեղ ուղեգիծը մեր մարդկայնացումին եւ աստուածացումին: Հասկցողին` յարգա՜նք, իսկ գործադրողին` յարատեւութի՜ւն…
Այսօր կարդացուած աւետարանին (Մտթ. 24, 30-35) մէջ «զօրութեամբ եւ փառքով»  բառերուն իբրեւ արձագանգ` մեր սուրբ հայրերը, մատենագիրներն ու շարականագիրները, ինչպէս ալ անոնց հետ` մեր ժողովուրդը ճիշդ կը դաւանին խաչը իբրեւ «գաւազան զօրութեան, նշան յաղթութեան, բանալի արքայութեան, պարիսպ ամրութեան, աշտարակ հզօր, զէն յաղթութեան»:
Գլխագիր Խաչը, որ սեփականութիւնն է Յիսուս Աստուածամարդուն, ելակէտը եւ յենակէտն է բոլոր փոքրատառ «խաչեր»-ուն, որոնք կը պատկանին հարազատ քրիստոսականներուն` զանոնք դարձնելով զօրաւոր, յաղթական, զուարթ, երջանիկ ու յաւերժական:
Դեռ աւելի՛ն: Իրենց ամէնօրեայ խաչակրումով` հաւատաւորները կը հանդիսանան մտերիմները, հարազատները խաչակրող ու խաչուած Աստուածամարդուն, որ միայն Մարդասէրն է եւ կ՛օգնէ իրեն հետեւող խաչակիրներուն` անոնց ամբողջ գոյամարտին մէջ: Այս ճշմարտութիւնը բացատրեմ կրօնաբարոյական պատմուածքով:
Հաւատացեալը եկեղեցիին մէջ յետադարձ ակնարկով կը վերաքաղէ իր կեանքին բոլոր փուլերը, որոնք եղած էին հանգրուանները իր «ճանապարհ խաչի»-ին: Անոնց յարատեւող ընթացքով` հաւատացեալը կը տեսնէ միասին չորս ոտքերու հետքեր իր բոլոր «խաչեր»-ուն ատեն, եւ այն` միշտ, ամէն տեղ եւ ամէն րոպէ, բացի այն պահերէն, որոնք իր առօրեային մէջ դժուարագոյններն էին. հոն կը տեսնուէին մէկ քալողի ոտնահետքեր լոկ:
Տեսածէն անակնկալի գալով` հաւատացեալը կը դառնայ Խաչեալին.«Տէ՜ր, զիս առանձին ինչո՞ւ լքած ես իմ ամէնէն տառապալից պահերուս…»: Յիսուս կը ժպտի: Աստուծոյ ժպիտը միշտ սէր ու հասկացողութիւն է: Հաւատացեալը դժգոհ է.«Տէ՜ր, մի՛ ժպտիր: Այս ըրածիդ մասին պիտի գանգատիմ Մօրդ, որ ի՛մ Մայրս է»: Կը դիմէ Սիրամօր, որ նոյնպէս կը ժպտի: Մարիամի ժպիտը յար յոյս եւ լոյս է: «Զաւակս, կը պատասխանէ Միջնորդուհին, մէկ քալողի ոտնահետքերը կը պատկանէին իմ միածին Որդիիս, որ քեզ կը շալկէր եւ այսօր ալ կը շալկէ քու ամէնէն վշտալից օրերուդ ընթացքին»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սթոքհոլմ, 30 Սեպտեմբեր 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ