Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2012 - Հայաստանի Սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանի այցելութիւնը Իտալիա


Հռոմ

Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան պաշտօնական այցելութեամբ այժմ կը գտնուի Իտալիա, որուն ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին հետ։
Տիկին Յակոբեան այս առթիւ ընկերակցութեամբ՝ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Ռուբէն Կարապետեանի եւ Փիւնիկ հիմնադրամի նախագահ տիար Ճէմպերճեանի այցելեց նաեւ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանը, ուր ի պատիւ հայրենի հիւրին վարժարանի տեսչութիւնը սիրոյ սեղան մը սարքած էր, որուն ներկայ եղան նաեւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը եւ հիւր վարդապետներ ու անշուշտ վարժարանի ժառանգաւորները։ Սփիւռքի նախարարուհիին ողջոյնի խօսք ուղղեց վարժարանի մեծաւոր՝ գերյ. հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Նորատունկեանին եւ Մոնրէալէն հիւրաբար Հռոմ գտնուող գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանին, եւ իր սրտի խօսքը ուղղեց նախարարուհին յայտնելով իր ուրախութիւնը այս մտերմիկ հանդիպումին մասին։
Սփիւռքի նախարարը Իտալիա իր կեցութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ քաղաքական եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն հետ, ներկայ պիտի ըլլայ կարգ մը ձեռնարկներուն. որոնցմէ յիշենք՝ ուրբաթ 10 փետրուար 2012-ի՝ ժամը 20-ին, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ջանքերով տեղի ունեցող համերգին, Թրիէսթէի՝ Թարթինի անուան երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հայազգի դաշնակահարուհի Անի Մարտիրոսեան եւ Ծաղկազարդ երգչախումբը։ Նաեւ՝ 11 փետրուարին «Ի Պատրաստութիւն Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին» նիւթին մասին միջազգային դասախօսական հանդիպումին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ