Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2009 - Հայր Յովհաննէս վրդ. Օրջանեանի Յիշատակին

 
Յիշատակդ անթառամ է մեր սրտերուն մէջ, ով ազնիւ սիրտ

Ազգի մը մասին ամբողջական պատկերացում կազմելու համար հարկ է իմանալ անոր պատմական երթի ընթացքին ստեղծած նիւթական եւ հոգեւոր
 
արժէքներուն, որոնց ընդ մէջէն է յայտ կու գայ այդ ազգին դիմագիծն ու անոր պատմական արժէքը: Ահա թէ ինչու իմաստուն եւ շրջահայեաց երջանկայիշատակ Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանը ո՛չ միայն իր հօտին առաջնորդեց սոսկ հոգեւոր սնունդ սերմանելով, այլ անոր իբրեւ հայ գոյատեւելու, նոր աւիշ հաղորդելու նապատակով զարկ տուաւ համայնքիս հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման գործընթացին:
Յիշատակութեան արժանի է, ցարդ լոյս չընծայած, աշխատասիրութիւնը` նուիրուած Արծիւեան միաբաններու լիակատար անուանացանկին ստեղծման օրէն ցայսօր, որը կրնայ լոյս սփռել միաբանութեան պատմութեան համար:
Կեանքի վերջալոյսին հիւանդութեան պատճառաւ Զմմառ հաստատուած Հայր սուրբը ժառանգաւորներուն որպէս հոգեւոր հայր խրախուսեց եւ զօրավիք կանգնեցաւ բոլոր ժառանգաւորներուն իրենց դաւանած սկզբունքներուն մէջ:
Ան իր սրբակեաց վարքով, ազգանուէր գործունէութեամբ յոյս ու հաւատք սերմանեց նոր սերունդին այն հաւատքով ու տեսլականով, որ օր մը այդ սերմերը պիտի •ան ու շարունակեն իր լուսաւոր ու երախտաշատ գործը:
Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանի մահուան քառասունքը նշուեցաւ Կիրակի 22  Մարտ 2009-ին Զմմառու մայրավանքէն ներս:
Պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Զմմառու վանքին Մեծաւորը` հայր Միաքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան խորանին ծառայեցին Դպրեվանքիս ժառանգաւորներն ու նորընծաները:
Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանը ծնած է 14 Հոկսեմբեր 1939-ին Պէյրութ: Փոքր տարիքէն ընդունուած է Զմմառու նորընծայարանը` Ճունի 1951-ին: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Յիսուսեաներու` Կրիկորեանա (1959 - 1965) եւս մէկ տարի  Սալիզեաններու համալսարանները: Քահանայ ձեռնադրուած 25 Մարտ 1965-ին ձեռամբ Ամեն. եւ Գեր. Տ. Տ. Գրիգոր Պ. ԺԵ. Աղաճանեանի Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոցի:
 Ան ծառայած է զանազան առաքելավայրեր ինչպէս`
1966 Սեպտեմբերէն - 1968 Հոկտեմբեր` Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարճարանի տնօրէն:
1968 Հոկտեմբերէն - 1973 Հոկտեմբեր` Պուրճ Համուտի ժողովրդապետ:
1973 Հոկտեմբերէն - 1973 Նոյեմբեր` Պէյրութ, Պատրիարքարան:
1973 Նոյեմբերէն - 1977Փետրուար` Այնճար:
1977 Փետրուարէն - 1977 Սեպտեմբեր` Հալէպի Ս. Երրորդութիւն ժողովրդապետ:
1977 Սեպտեմբերէն - 1979 Յունուար` Մայրավանք` Զմմառ:
1979 Յունուարէն - 1984 Հոկտեբեր` Դարձեալ Այնճար:
1984 Հոկտեմբերէն - 1985 Փետրուար` Պուրճ Համուտի ժողովրդապետ կը նշանակուի Եկրորդ ան•ամ ըլլալով:
1985 Փետրուարէն - 1986 Դեկտեմբեր` Զահլէ:
1986 Դեկտեմբերէն - 1988 Յունուար` Գահիրէի ժողովրդապետ:
1988 Յունուարէն - 1990 Նոյեմբեր` Զմմառ:
1990 Նոյեմբերէն -  2002 ` կրկին  Այնճար, ահա թէ ինչու Այնճարցիք զինք կը յիշեն ու դեռ երկար ատեն պիտի յիշեն:
2002 Դեկտեմբերէն – 2009 ` Զմմառ:
11 Փետրուար 2009` վախճանումը:
13 Փետրուար 2009` Յւղղակաւորութիւնը
 
‎Հայր Յովհաննէս յղացաւ հրաշալի գաղափար մը, որն է` գրի առնել Զմմառեան միաբան վարդապետներուն կենսագրական տուեալները
 
հիմնադրութենէն` Աբրահամ Արծիւեանէն ցարդ ձեռնադրուող միաբան վարդապետներուն: Ան իր ուսումնասիրութինը սկսաւ հիմնուելով իր տրամադրութեան տակ եղած աղբիւրներուն վրայ, ու զայն կեանքի կոչեց: Ապա նկատեց որ ան ամբողջական չէ, եկրորդ անկամ եւս ձերնամուխ եղաւ, այս անկամ աւելի կիտական մակարդակի վրայ, օկտուելով  Զմմառի արխիւներէն, երբ վերջնականպէս փոխադրուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Զմմառ: Այն ատեն իր աշխասասիրութիւնը կատարեալ դառձաւ: Մատեանը կ՛ընդկրկէ Զմմառեան միաբան վարդապետին ծննդավայրը, առաքելավայրերը եւ մահուան թուականը:
Տեղին է յիշել իր արխիւային կործը եւս, որ է`  Միաբան վարդապետներու լուսանկարներուն ցանկը այբենականի հերթականութեամբ:
Պիտի հարց տաք թէ ի՞նչ բանին մէջ կը կայանայ վերոյիշեալ աշխատասիրութեան արժէքը:
Չէ որ աւելի կարեւոր եւ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ կան, սակայն այս աշխատասիրութիւնը նորութիւն է իր տեսակին մէջ  եւ յոյժ կարեւոր. այդ առումով որ ցարդ ո՛չ ոք մտածած է նման գործ մը ձեռնարկել միաբանութեան պատմութեան առնչութեամբ: Այո, գեղեցիկ է որ մարդ իմանայ թէ ուրկէ սեռած է, ու գիտնայ իր նախնիներուն կատարած վիթխարի գործերը, որպէսզի սերունդներուն փոխանցուի:

Զմմառեան ուխտէն կիսասարկաւագ`
Ճօն Գեղարդ Թովմասեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ