Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2010 - Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ գահակալութեան 11-ամեակը

 

 Հռոմ

 

Շաբաթ
23 հոկտեմբեր 2010-ին երեկոյեան, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանէն ներս, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ հոգեւոր տիրոջ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց գահակալութեան 11-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ:

Տօնակատրութեան ներկայ էին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնոդոսական հայրերը, վարժարանին մեծաւոր եւ փոխ մեծաւոր հայրերը, վարդապետներ եւ վարժարանին ժառանգաւորները:

 

Կարկանդակի բեկանումէն ետք, հոգեւոր տէրը իր սրտին խօսքը հաղորդեց ներկաներուն, շեշտելով քահանային սուրբ կենցաղաւարին, խոնարհութեան եւ աղօթասիրութեան մասին:

Յիշենք, որ բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթքներ բարձրացան վասն Հայրապետին։

 

Այս առիթով, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կայքէջի անձնակազմը կը շնորհաւորէ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ կը փոխանցէ իր լաւագոյն մաղթանքները գահակալութեան 11-րդ տարեդարձին համար:

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ