Հինգշաբթի, 13 Յունուար 2011 - Սուրբ Ծնունդը Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս

 

Դամասկոս

 

Ուրբաթ, 24 դեկտեմբեր 2010 երեկոյեան, ՀԿՄ-ի պատանիներն ու երիտասարդները խումբեր կազմած այցելեցին համայնքի զաւակներո ու միութեան համակիրներու տուները
«Խորհուրդ մեծ» շարականը երգելով ու աւետելով Ծնունդը Քրիստոսի։ Կէս գիշերին հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց համայնքի ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեան, իսկ բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Քնար» երգչախումբի կողմէ։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի հայ առաքելական թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը ընկերակցութեամբ արժանապատիւ տէր Աբգար քհն. Գահգէճեանի։

Սուրբ Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Պասմաճեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ՀԿՄ տիկնանցի աւանդական հիւրասիրութիւնը ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։

 

Շաբաթ, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան,  հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, որմէ ետք ան ընդունեցաւ շնորհաւորութիւններ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։

Կէսօրէ ետք Պասմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿՄ-ի սուրբ Ծննդեան հանդէսը ներկայութեամբ գերապայծառ տիրոջ, հայր Գէորգ վարդապետին եւ մեծ թիւով ծնողներու, փոքրիկներու եւ միութեան բարեկամներու։ Պատանիներն ու ջահակիրներն երգ ու պարով, արտասանութիւններով ու զաւեշտներով հաճելի տրամադրութիւն ստեղծեցին։ Գերապայծառ տէրն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Այս տօնական մթնոլորտը ամբողջացաւ Կաղանդ Պապայի ժամանումով, որ իր նուէրներով բոլոր փոքրիկներուն ուրախացուց։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ