Կիրակի, 3 Յունիս 2012 - Հարպոյեան վարժարանի Ծնողաց օժանդակ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ «Մայրերու օր»ուան հաւաքոյթ


Զալքա, Լիբանան

Հինգշաբթի, 24 մայիս 2012-ի առաւօտեան, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Ծնողաց օժանդակ յանձնախումբի կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանին ծնողներ, բարեկամուհիներ, մայրեր, մեծ մայրեր եւ հիւրեր:
Դռան մուտքին նուէրներ ստանալէ ետք ներկաները ուղղուեցան իրենց սեղանները: Ձեռնարկին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Լիզա Հատտէճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, վեր առնելով մօր յատկութիւնները, ակնարկ մը փոխանցեց պատմութեան մէջ մայրերու օրուան համար կատարուած առաջին տօնակատարութիւններուն: Ան շեշտեց, որ «մայր ըլլալը յատուկ առաքելութիւն մըն է» եւ գեղեցիկ պատկերացում մը տալով ըսաւ, թէ «Աստուած չկարենալով ամէն տեղ ըլլալ, Ան ստեղծած է մայրերը»:
Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք վարժարանիս կրտսեր աղջիկներու պարախումբը, որ այս տարի անգամ մը եւս Լիբանանի միջ-դպրոցական պարի մրցոյթին գրաւեց փոքրահասակ աղջիկներու առաջին պատուաբեր դիրքը, ներկայացուց իր ախոյեանութեան պարը: Անկէ ետք, 7-րդ դասարանի աշակերտ Գէորգ Ներսէսեան ջութակով նուագեց «Երազ» երգը: Ապա բեմ բարձրացան Մանկապարտէզի աշակերտները, որոնք իրենց անմեղ շուրթներով գովերգեցին իրենց մայրերը, անոնց ձօնելով արտասանութիւններ եւ երգեր, որոնցմէ ետք վարժարանիս երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Փամպուքեան եւ 7-րդ դասարանի աշակերտ Ասատուր Պասմաճեան զուգերգ կատարեցին «Մեր Յոյսի Դուռն է Մայրս» երգը, ապա Տիկ. Փամպուքեան մեներգեց «Թռչէի Մտքով Տուն» երգը: Գեղարուեստական յայտագրի վերջին բաժնով, նախկին շրջանաւարտներէն Գոհար Յակոբեան հրամցուց «Անուշ Մայրիկ» եւ «Մայր Իմ Հեզ ու Բարի» երգերը:
Այս երգերով տոգորուած, մայրեր եւ տիկիններ ուրախ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին խօսակցիլ ու զրուցել իրար հետ, մինչ Յանձնախումբի տիկինները արդէն սկսած էին վիճակահանութեան տոմսեր վաճարելու աշխատանքին: Մեծ թիւով ներկաներ բախտաւորուեցան բազմաթիւ գեղեցիկ նուէրներով:
Ձեռնարկը աւելի ճոխացուց եւ ներկաները զուարճացուց գաղութիս հանրայայտ դերասան եւ կատակերգակ Փիեռ Շամմասեան, որ իրեն յատուկ հիւմըրով եւ կատակելու իր հմտութեամբ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց եւ հաճելի պահեր տրամադրեց ներկաներուն: Իր ելոյթին աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան յուշանուէր մը յանձնեց Փիեռ Շամմասեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր: Իսկ հակիրճ խօսք մը առնելով Տիկ Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին եւ գնահատեցին վարժարանիս Ծնողաց Օժանդակ Յանձնախումբին աշխատանքը: Ան նաեւ դրուատեց հայ մարերուն նուիրական առաքելութիւնը եւ մաղթեց, որ աշխարհի բոլոր մայրերը ըլլան առողջ եւ երջանիկ:
Վիճակաձգութեամբ ընտրուեցան օրուան բախտաւոր 6 մայրեր, որոնք ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Իսկ ձեռնարկի վերջին բաժնով տեղի ունեցաւ պինկօ-ի խաղ մը, որ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն մօտ եւ որուն աւարտին, քանի մը տիկիններ բախտաւորուեցան յաւելեալ նուէրներով:
Ներկաները սրահէն մեկնեցան ուրախ եւ գոհ տրամադրութեամբ, բարձր գնահատելով Գ. Հարպոյեան վարժարանի Ծնողաց օժանդակ յանձնախումբին այս նախաձեռնութիւնը եւ անոնց մաղթելով յաջողութիւն՝ յառաջիկայ միջոցառումներուն համար:
              


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ