Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2013 - Մեսրոպ Հայունիի «Սուրբ Ուրբաթագիրք» նորատիպը
Պէյրութ

Հոկտեմբեր 2013-ին լոյս տեսաւ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեանի «Սուրբ Ուրբաթագիրք» խորագրով նորատիպ գիրքը, հայատառ տպագրութեան 500 ամեակին առիթով: Ան կը պարունակէ զանազան բաժիններ, որոնք կ'ընդգրկեն հինգ տպապատմագրական հաստատումներ, բանասիրական գիտարշաւ ՝ բացայայտիչ հինգ առաջին հնատիպերուն մասին, «Ուրբաթագիրք»ի տպագրական տարբեր օրինակները, Յակոբ Մեղապարտին կենսագրականը, ինչպէս նաեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին պատմական այցը Զմմառու վանք եւ օրհնաբեր բացումը Յակոբ Մեղապարտի յուշարձանին:  

Ստորեւ՝ նորատիպին Նախերգանքը գրուած հեղինակին կողմէ:
«Յոբելենական»-ի հայապատկան ամեակները չէին դիպեր, անոնց բովանդակութիւնները չէին իրագործուեր, հայ եւ օտարազգի ժամանակները չէին բարգաւաճեր, ինչպէս ալ անոնցմէ միտքերը չէին լուսաւորուեր ու հոգիները չէին հարստանար, եթէ «Ուրբաթագիրք»-ին 500-ամեայ յոբելեանին ռահվիրայ կերտիչն ու հայկական տպագրութեան նախահայրը` Յակոբ Մեղապարտ կատարած չըլլար իր հայաշէն աշխատանքը, այո՛, իր խաւարահալած առաքելութիւնը, Վենետիկի մէջ:
Հայաշխարհին 2012 թուականը կը բոլորէ պանծալի յոբելեանը հինգ աննախադէպ իրողութիւններուն, որոնք հայ իրականութեան մէջ պատահեցան 1512-ին, Վենետիկ:
500 տարիներ առաջ` հիմնուեցաւ առաջին հայ տպարանը:
500 տարիներ առաջ` գծուեցան, ձուլուեցան ու կաղապարուեցան առաջին հայատիպ նշանագիրերը:
500 տարիներ առաջ` հայատառերով տպուեցաւ ու հրատարակուեցաւ առաջին հայերէն մատեանը:
500 տարիներ առաջ` գործեց առաջին հայ հրատարակչատունը:
500 տարիներ առաջ` հրապարակ ելաւ առաջին հայ տպարանատէրը, տպագրողը, հրատարակիչը:
«Մարդկային հանճարը իր դարաւոր որոնումների մէջ սակաւ անգամ է ստեղծագործական այնպիսի վեհ եւ հոյակապ, միեւնոյն ժամանակ ծանր երկունքի մօմենտներ ունեցել, որպիսին տպագրութեան արուեստի գիւտի նախօրեակին:
Գուտտենբերգ - դա սովորական մի անուն չէ, մի անհատ բնորոշ կոչում, այլ` դա մարդկութեան լաւագոյն ձգտումների, բազմադարեան տոչորումների ու պայքարների, կաշկանդող շղթաների ճնշումից ազատագրուելու ու դէպի կենսատու լոյսը առաջ մղող ոյժի, դարեւոր նիրհից սթափեցնող ամենահզօր բանականութեան խորհրդանիշն է, սիմւոլը:
Հանճարի այդ մեծագործութիւնը համեմատել կարող ենք տառերի գիւտի, պատմութեան ամենամեծ երեւոյթի հետ միայն:
Վերյիշենք մի րոպէ, թէ ինչ էինք մենք տառերի գիւտից առաջ. - դէպի վերջնական անկում դիմող, ներքուստ քայքայումի ուղին բռնած, կենսատու հիւթերից զրկուող ժողովուրդ: Ի՞նչ էինք մենք տառերի գիւտից առաջ.- դէպի կործանում դիմող մի ասիացի ժողովուրդ:
Բայց եւ` ի՞նչ էինք մենք տպագրութիւնից առաջ: Անթափանց խաւարի մէջ մոլորուած, ասիական բռնակալութեան եւ հայրենի սպաննիչ, հեղձուցիչ մթնոլորտի ճիրանների մէջ ճզմուած, ստրկացած մի ժողովուրդ, եւ ոչ աւելի:
Տպագրութիւնը.- գիրքը դիւրին եւ արագ կերպով բազմացնելու հոյակապ միջոցը, մարդկային հանճարի այդ ամենամեծ ստեղծագործութիւններից մէկը»:
«Որչափ հասարակութիւնը ծանօթանայ իր երախտաւորի աշխատութեան էութեան, այն դժուարութիւնների, որոնց հանդիպել է նա հայերէն առաջին գիրքը տպագրելիս, կռուելէ նրանց հետ եւ յաղթել. որքան մօտից ճանաչէ առաջին հայ ՛՛մէղապարտ Յակոբ՛՛-ի եթէ ոչ անձնաւորութիւնը, գոնէ նրա ծանր աշխատանքը, այնքան աւելի յարգանք եւ երախտագիտութիւն կը զգայ դէպի նրա գաղափարը, այնքան լաւ կը գնահատէ տպագրութեան նշանակութիւնը»:
Հայկական տպագրութեան 400-ամեայ յոբելեանին առիթով գրուած տողերը կարելի է կրկնել այսօր ալ.«Հայ պատմութեան մէջ չեն պակսիր հոգեցունց հանդիսութիւններ, ազգային խանդավառ ցոյցեր, որոնք մեր ազգին սրտին մէջ լճացած արեան նոր զարկ տուած, ամրապնդած, ոգեւորած են անոր ջղերը. եւ պահ մը հայը սկսած է ապրիլ ո՛չ լոկ իբրեւ մարդ, այլ եւ իբրեւ հայ իւր ինքնուրոյն քաղաքականութեամբ, կեանքով եւ ապագայի յոյսերով: Ահա ասոնց ոսկեշրջանակին մէջ մտաւ նոր մըն ալ` Հայ գրերու 1500 եւ Հայ Տպագրութեան 400-ամեայ Յոբելեանը:
Սոյն Յոբելեանն է՛ եւ կը մնայ մեր ազգային կեանքին ամենանշանակալից երեւոյթներէն մէկը. երեւոյթ մը, որ մեզի թոյլ կու տայ մանաւանդ թէ զմեզ կը ստիպէ մեր ազգային գոյութեան ամենէն տագնապալից օրերուն մէջ իսկ, ինչպէս է այժմ գրեթէ 20 տարիէ ի վեր, դիտել զապագան առնական մեծանձն եւ հպարտ հայեացքով, յուսալ խոստմնալից օրեր եւ նոյն իսկ դարեր»:
«Հայ ժողովրդի հասարակական ու մշակութային կեանքում տեղի ունեցած ամենախոշոր իրադարձութիւններից են Մեսրոպ Մաշտոցի կողմից հայ գրերի ստեղծումը եւ տպագրութեան սկզբնաւորումը 1512 թուականին: Հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտը 1512-1513 թթ. Վենետիկում հրատարակեց հայերէն առաջին տպագիր գրքերը: Դա տեղի ունեցաւ Գուտենբերգի նշանաւոր գիւտից 60-65 տարի յետոյ: Հայերէն գրքի տպագրութիւնը եւ հրատարակչական գործի սկզբնաւորումն ու զարգացումը հայ ժողովրդի մշակոյթի պատմութեան մէջ նոր ժամանակաշրջան սկսեցին»:
«Նոր եւ աւելի խորազնին պրպտումներ պէտք է որ կատարուին` յստակացնելու համար Մեղապարտ Յակոբի անունին տակ ծուարած այս Լուսաւորիչ մարդուն անձը:
Արժանի է այս ուշադրութեան, որովհետեւ իր կատարած գործով` ան դափնեպսակ մը աւելցուցած է մեր գլխուն վրայ եւ տպագրութեան ճամբով մեզի ապահոված է պատուաւոր տեղ մը քաղաքակրթութեան ծարաւով տոչորող մարդկութեան շքերթին մէջ:
Ինչ որ ալ եղած ըլլան Մեղապարտ Յակոբի լոյս ընծայած գիրքերուն բովանդակութիւնը, նաեւ անոնց լոյս ընծայման հեռանկարները, ան արժանի է մեր անսահման գնահատանքին»:
Եւրոպայի մէջ, միջազգային տպագրութեան արուեստը գերմանացի կաթողիկէն եւ ազգային տպագրութիւնը հայ կաթողիկէն հնարեցին ու սկզբնաւորեցին:
Մարդկութիւնը յեղաշրջող համաշխարհային տպագրութեան գիւտարարը հանդիսացաւ Johannes Gutenberg (1400-1468), որ իբր անդամ Երրորդի Կարգին`  Փետրուար 3-ին թաղուեցաւ Փրանկիսկեան Կրօնաւորներուն վանապատկան եկեղեցիին մէջ, Մայնց, Գերմանիա:
Հայութիւնը եղափոխած տոհմային տպագրութեան հնարողը Յակոբ Մեղապարտ իտալաբնակ հայ կաթողիկէ հոգեւորականն եղաւ, որուն, սակայն, դժբախտաբար, ո՛չ ծննդեան եւ ո՛չ մահուան տարեթիւերը ծանօթ են բանասիրութեան:
Leipzig քաղաքը, 1959-էն սկսեալ, «Gutenberg-Preis der Stadt Leipzig» սահմանեալ գումարը կը շնորհէ այն անձնաւորութիւններուն կամ հաստատութիւններուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը հռչակուին տպագրական արուեստին սատարած ըլլալուն համար: - Նոյնը կրնար սկսիլ մեր մայրաքաղաքը` Երեւան...:
Mainz, 1968-էն սկսեալ, «Gutenberg-Preis der Stadt Mainz» եւ «Die internationale Gutenberg-Gesellschaft»  կը յատկացնեն գումար մը ի նպաստ առաջին մրցանքը շահած հեղինակին մէկ երկին տպագրութեան: - «Հայերէն գիրք»-ը տարածելու եւ «Հայ տպագրութիւն»-ը զարգացնելու համար` Հայաստանի Կրթութեան, Մշակոյթի ու Գիտութեան Նախարարութիւնները կրնային ստեղծել մրցոյթ մը` առաջին շահողին յատկացնելով գումար մը գրքի մը հրատարակութեան համար...:
1961, 1968 եւ 2000 տարիներուն` Գերմանիա շրգայութեան մէջ դրաւ Johannes Gutenberg-ի անունով ու նկարով դրոշմաթուղթեր: - Նոյն նախաձեռնութիւնը կը սպասուի Հայաստանի կառավարութենէն...:
1998-ին` ԱՄՆ-ի լրագրողները ընտրեցին Johannes Gutenberg-ը «Man of the Millennium», այսինքն` ամենակարեւոր դէմքը երկրորդ հազարամեակին: - Հայաստանի Նախագահը, Էջմիածնի, Անթիլիասի ու Զմմառի երեք Կաթողիկոսները հռչակե՜ն Յակոբ Մեղապարտը իբր «Մարդը երրորդ հազարամեակին»...:
Այս չորս առաջարկներուն ընկալումին ակնկալութեամբ կամ այս չորս նախաձեռնութիւններուն իրագործումին մօտալուտ հեռանկարով` հաւանաբար կարելի պիտի ըլլայ մեղմել որոշ միտքերն այն տողերուն, որոնք հայատառ հնատիպին 400-ամեայ յոբելեանին առիթով գրուեցան մեծ լեզուաբան Մխիթարեանէն:
«Ազգային ընդհանուր տօնախմբութեան հազուադէպ տարեշրջան մը բացաւ 1912 թուականը. մտքի լուսաւորութեան եւ քաղաքակրթութեան հա՛յ հողի վրայ պատուաստման` հայ տպագրութեան արուեստին չորեքդարեան յոբելենին տարեշրջանն է այն, որուն շուրջը պէտք են խտանալ ոչ միայն անոնք, որոնք ոեւէ կերպով մասնակից եղած են վայելելու գրական գործիչներու հասուցած կենսական ամենազգի պտուղները:
1512-ին մտաւորական լուսաւորութեան կենդրոնավայր Վենետիկ քաղաքին մէջ ռահվիրայ անձնաւորութիւն մը կը յղանայ գուտենբերգեան տիեզերահռչակ գիւտին տալ նաեւ յատուկ հայ գոյն մը` ձուլելով առաջին անգամ հայերէն տառեր:
Հայ Գուտենբերգին անուան ի պատիւ կանգնուած Յիշատակարանին տակ հայ մատենագրութիւնը դրոշմե՛լ միայն կրցած է, դժբախտաբար, Deo incognito. Տպագրութեան անդրանիկ ծնունդին` ծանօթ ՛՛42 տողեան լատին Ս. Գրքի՛՛ նման հսկայ աշխատութեան մը գործածուելու բախտը չեն ունենար ի հարկէ այս առաջին հայ տառերը. նման գործք մը կարելի չէ յուսալ նորածին հայատիպ տպարանէ մը, ըստ որում ժամանակին հայ մտաւոր կեանքը նման ձեռնարկի համար զուրկ է բացարձակօրէն նպաստաւոր պայմաններէ:
՛՛Հայոց երկիրը անցնելով շարք մը սեւ դարերու մէջէն, ա՛յնչափ նիհարցած, ուժասպառ դարձած էր, որ կարող չէր այլ եւս նիւթ մատակարարել մտաւոր կեանքին. միտքը չի կրնար գործել տեղ մը, ուր կը գործէ սուրը եւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ ամբողջ ժողովրդեան ՛լինել թէ չլինել՛-ը կախուած է այդ սրի քմահաճ մէկ շարժումէն՛՛:
Այսպիսի պայմաններու տակ ահա կամայ ակամայ կը ստիպուինք պահ մը գոհանալ ՛՛Պարզատօմար՛՛-ներու, ՛՛Պատարագատետր՛՛-ներու, ՛՛Աղթարք՛՛-ներու նման մամուլի անարժէք արտադրութիւններով. այսու հանդերձ առաջին քայլն առնուած է, որուն ընդ հուպ պիտի յաջորդեն տպագրութեան աւելի փայլուն արտադրութիւններ` Ոսկանեան Աստուածաշունչ, Առաքել Դաւրիժեցի, Մովսէս Խորենացւոյ Աշխարհագրութիւնը...»:
Այս տողերը գրուած էին, երբ անխառն բերկրանքով կարդացի «Յուշադրամ» խորագրեալ այս հատուածը.«Հայաստանի Հանրապետութեան Կենդրոնական Դրամատունը շրջանառութեան մէջ է դրել նոր արծաթեայ յուշադրամ` նուիրուած հայ գրքի տպագրութեան 500 ամեակին:
Յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած են ՛՛Երեւանը Գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք՛՛ միջոցառումների պատկերանիշը եւ յուշադրամի թողարկման տարեթիւը` ՛՛2012՛՛: Ներքեւի մասում անուանական արժէքն է ` ՛՛1000 դրամ՛՛ եւ եզրագծով նշուած է ՛՛Հայաստանի Հանրապետության Կենտրոնական Բանկ՛՛  մակագրութիւնը:
Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած են Վենետիկի տեսարաններից մէկը, առաջին հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նշանադրոշմը, ՛՛Ուրբաթագիրք՛՛-ը եւ գրքից մի պատկեր` ՛՛Հիւանդի այցը՛՛: Ձախ կողմում, ուղղահայեաց` ՛՛Ուրբաթագիրք՛՛ գրառումն է, իսկ աջ եզրագծով` ՛՛Հայ գրքի տպագրութեան 500 ամեակ՛՛ մակագրութիւնը:
Յուշադրամի պատրաստման համար օգտագործուել են գունաւոր ներկեր: Յուշադրամի եւ նրան կից գունազարդ պուքլեթ-ի հեղինակն է Վարդան Վարդանեանը: Յուշադրամը հատուել է Հոլանտայի արքայական դրամահատարանում»:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ