Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2009 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Վերադարձաւ Յորդանանէն

Ամման, Յորդանան

 
Ուրբաթ 8 Մայիս 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Յորդանանի
 
Ապտալլա թագաւորի եւ Ռանիա թագուհիի ինչպէս նաեւ պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ միասին, ներկայ էր Սրբազան Քահանայապետի բարի գալուստի արարողութեան Ամմանի օդակայանին մէջ:  
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահայանապետի ընկերացան Ս. Աթոռի պետական քարտուղար՝ կարդ.Պերթոնէ, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ՝ կարդ. Սանտրի, եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդ. Քասբեր եւ միջ-կրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդ. Թոռան եւ 20 լրագրողներ:  

Նորին Սրբութիւնը բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք, ուղղուեցաւ անկարներու կեդրոնը եւ ապա ուղղուեցաւ թագաւորական պալատ:
Շաբաթ Մայիս 9-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայ գտնուեցաւ Մապատա քաղաքի լատին պատրիարքութեան համալսարանի քարի օրհնութեան արաողութեան: Ապա, Բենեդիկտոս ԺԶ. պապի առաջնորդութեամբ, այցելեց Հիւսէյն թագաւորի նուիրուած մզկիթը, ընկերակցութեամբ տեղւոյն իմամին: Իսկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, յոյն մելքիթներու Ս. Գէորգ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Սրբազան Հօր գլխաւորած ժամասացութեան:
     
 
Կիրակի՝ 10 Մայիս 2009-ին, առաւօտեան Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը իր առաջին հրապարակային պատարագը մատուցեց Ամմանի
 
մարզադաշտին մէջ, աւելի քան 30000 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ:
Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Արեւելքի պատրիարքներու եւ Միջին Արեւելքէն եկած  բազմաթիւ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու կողքին:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ գերապայծառ հայր ՌաՖայէլ Մինասեան՝ վիճակաւոր Ս. Երկրի կաթողիկէ հայոց, գերապայծառ հայր Միքայէլ Թ.Ծ.վրդ. Մուրատեան՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր, տէր Անդրանիկ Ծ.վրդ. Այվազեան՝ Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ եւ տէր Յովսէփ վրդ. Պէզէզաեան՝ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ:
Տիեզերական աղօթքի ընթացքին մասնակցեցաւ նաեւ հայ պարմանուհի մը, որ հայերէնով իր պաղատանքը բարձրացուց առ Աստուած:
Յետմիջօրէին ժամը 5:30-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայ գտնուեցաւ Յորդանան Գետ, ուր Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց լատին եւ մելքիթ յոյն եկեղեցիներու շինութեան առաջին քարերը:
Երեկոյեան ժամը 10:00-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայ գտնուեցաւ Սրբազան Քահայանպետի բարի ճանապարհի արաողութեան:  

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ իր նստավայրը Երկուշաբթի 11 Մայիս 2009-ին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ