Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2014 - Գերպյծ Զէքիեան երկու նոր սարկաւագներ պիտի ձեռնադրէ Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ

 

 

 

Վենետիկ, Սուրբ Ղազար

 

Մխիթարեան Միաբանութիւնը ցնծութեամբ կ'աւետէ,

որ Աստուծոյ կամօք եւ Տիրամօր՝ Ուխտիս պաշտպանին բարեխօսութեամբ,
21
նոյեմբերին ժամը 11:00ին, Աստուածամօր Ընծայման տօնին օրը, «Սուրբ Ղազար»ի մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, եղբ. Անտոն (Զակքէոս) Գրիգորեան եւ եղբ. Գէորգ (Սարգիս) Սարգսեան ուխտեալ եղբայրները սարկաւագական ձեռնադրութիւն պիտի ստանան ձեռամբ Գերապայծառ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանի:

 

Արարողութիւնը ուղիղ եթեր պիտի հեռասփռուի համացանցով, հետեւեալ հասցէով.
http://youtu.be/wBNWt5Pw3xc

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ