Կիրակի, 15 Յունիս 2014 - Շնորհաւորագիր Եգիպտոսի նախագահին
Գահիրէ

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի հոգեւոր հայրերուն, հայրապետներուն, մայրապետներուն, թեմին եւ համայն հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն անունով  Աղեքսանդրիոյ թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ տէր Գրիգոր Օգոստինոս  արք. Քուսան շնորհաւորագիր մը յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Ապտ Ալ ֆադահ Սիսիին, որուն մէջ ան կը շնորհաւորէ նախագահը եւ կ'աղօթէ, որ ամենակարող Աստուած իմաստութեամբ, խորաթափանցութեամբ, առողջութեամբ օրհնէ նորընտիր նախագահը եւ յաջողութեամբ պսակէ իր ազգային աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել յոյսերն ու ձգտումները Եգիպտոսի ժողովուրդին,  որ ազատօրէն իր ձայնը տուած է նորընտիր նախագահին  վստահելով անոր ազնիւ անձին եւ սպասելով, որ պայծառ ու բարւոք ապագայի հեռանկարով վերակառուցէ նոր Եգիպտոսը աւելի արդի, ուր տիրելու է սէր, խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ մանաւանդ խաղաղ համակեցութիւն, որ վայել է սիրելի Եգիպտոսի հաւատարիմ ժողովուրդին:
  

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ