Պէյրութ
26 մարտ 2013-ին, ըստ դիւան թիւ 76/13-ի, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վկայականի գիր շնորհեց հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանին, որ քահանայ ձեռնադրուեցաւ 23 մարտ 2013-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։
Ինչպէս նաեւ, ըստ դիւան թիւ 77/13-ի, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայր Ղազարը անուանեց փոխ Ժողովրդապետ՝ Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան, 1 ապրիլէն սկսեալ։