Երեքշաբթի, 7 Օգոստոս 2012 - Երջանկայիշատակ Վարդան եպս. Աշգարեանի յուղարկաւորութիւնը


Պէյրութ

Երկուշաբթի, 6 Օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պուրճ Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արհի. հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ տիարք՝ Յովհանէս եպս. Թէյրուզեանի, Յովսէփ եպս. Առնաութեանի, Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերյ. Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի, Յովսէփ ծ. Վրդ. Թոփալեանի, թեմին վարդապետներու, քահանաներու ու սարկաւագներու։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան լիբանանեան քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական ներկայացուցիչներ:

Եկեղեցւոյ կարգէն ետք, վախճանեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի ընտանեկան դամբարանը: Ժողովրդային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Այնճարի հրապարակին վրայ։ Յետմիջօրէին՝ ժամը 2-ին կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւնը, Այնճարի Սուրբ Պօղոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ («Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան պատճառով): Իսկ յուղարկաւորութեան կարգը՝ ժամը 3-ին, Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ: Մեծ թիւով հայորդիներ ներկայ եղան արարողութեանց եւ ցաւակցութիւններ յայտնեցին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ