Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2008 - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքը կը Դատապարտէ Թրիփոլիի Պայթումը
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը խստիւ կը դատապարտէ Թրիփոլիի ոճրային պայթումը, որուն զոհ գացին 9-ը զինուորներ եւ 5 անմեղ քաղաքացիններ:

Այս ոճրային արաքը թիրախ կը դարձնէ Լիբանաեան բանակը, որ միշ զօրավիգ կանքնած է Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովութեան: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կը հաստատէ թէ այս վայրագ ոճիրը պիտի չխախտէ մեր բոլորին հաւատքը այս զինուրական հաստատութեան հանդէպ եւ կը շեշտէ թէ Լիբաբանեան բանակը իր քաջարի զինուրներով կը մնայ երկրի պաշտպանութեան եւ անկախութեան վահանը:

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ անմեղ զոհերու ընտանիքներուն, աղօթելով առ Աստուած, որ յանուն ազատութեան զոհուած նահատակներու հոգիները ընդունուին երկնքի արքաոյւթեան մէջ:

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան       

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ