Կիրակի, 17 Մայիս 2015 - Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը նաեւ հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու օր է

 

 

Պէյրութ

 

''Հաղորդակցութիւնը  ընտանիքին մէջ:

Ընտանիքը ձրի սիրով տոգորուած հանդիպման առանձնաշնորհեալ միջավայր մը»:

 

Ասիկա է 2015-ի Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 49-րդ օրուան պատգամին բնաբանը, որ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը ներկայացուցած էր 23 յունուարին: Այս տարի այս օրը կը զուգադիպի կիրակի 17 մայիսին։

Սրբազան քահանայապետը իր պատգամին մէջ, որպէս օրինակ ընտրելով Ղուկասի Աւետարանէն, Աստուածածնայ Եղիսաբեթին կատարած այցելութեան դրուագը (Ղուկ 1, 39-56), կը շեշտէ թէ ընտանիքին մէջ է որ կը կատարուի Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան հիմնական կերպը՝ աղօթքը։ Ընտանիքին մէջ կը սորվինք, կ'ըսէ ան,  հաղորդակցութեան կրօնական տարածքը, որ կը բացայայտէ թէ քրիստոնէութեան մէջ, ամէն ինչ տոգորուած է Աստուծոյ սիրով, որ մեզի շնորհուած է եւ մենք, մեր կարգին, զայն կը շնորհենք ուրիշներուն։

Ընտանիքը այն վայրն է, ուր բոլորս կը սորվինք՝ թէ ինչ կը նշանակէ հաղորդակցիլ յատկապէս սիրոյ ընկալման եւ շնորհման մթնոլորտի մէջ։

Նշենք թէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը,  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի իր պատգամին մէջ կը գրէր. «Ընտանիքը եղած է միշտ մեր ժողովուրդին գոյութեան առանցքը, կեանքին կորիզային բջիջը: Մեր Նահատակներուն մեզի թողած Կտակին կարեւորագոյն հանգանակներէն մէկն է ընտանիքի սրբութիւնը: (...) Հայրաբար կոչ կ'ուղղենք, կ'ըսէ Հոգեւոր Տէրը, մեր Կղերի հովուական պատասխանատուութիւն ստանձնած բոլոր անդամներուն մեծ բծախնդրու թեամբ հակիլ այս հարցին վրայ եւ ջանալ օգտուիլ մեր Նահատակներուն մարտիրոսութեան հարիւրամեայ յոբելեանին ընծայած այս անգնահատելի առիթէն, արծարծելու համար իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած բոլոր հայորդիներուն, եւ յատկապէս երիտասարդներուն մէջ, գիտակցութիւնը ընտանիքի սրբութեան եւ զգայնութիւնը, նուիրումը, վեհանձն զոհաբերումը՝ զայն ապրելու, պահպանելու ու փոխանցելու համար»:

Այս է գուցէ նաեւ հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուս առաքելութիւնը այս տարի:

Այս առթիւ, կայքիս տնօրէնութիւնը, կը միանայ անոր գործակիցներուն եւ հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն մեծ ընտանիքին, մաղթելով որ այս մեծ ընտանիքը միշտ ըլլայ Աստուածային սիրով տոգորուած վայրը, ուրկէ հայ ընթերցողը պիտի առնէ Աւետարանին բարի լուրը, որ կ'ուրախացնէ եւ կեանք կու տայ բոլորին:

Այս պահուս մեր միտքը կ'երթայ մեծ քաղաքներու մէջ գործող հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներուն, սկսելով հեռուէն՝ Սիտնիէն, անցնելով Մոսկուա, Կիւմրի, Երեւան, գալով մինչեւ Միջին Արեւելք՝ Հալէպ, Պէյրութ, Դամասկոս, Գահիրէ, անցնելով Իսթանպուլէն հասնելով Հռոմ, Վենետիկ, Փարիզ, Վիեննա, ապա Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Լոս Անճելոս, Պուէնոս Այրես եւ Սաօ Փաոլօ:

Հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբին կողմէն, յատկապէս հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն մէջ գրիչով, կայքով, թուայինով, ռատիոյի կամ հեռատեսիլի միջոցաւ սրտանց ծառայողներուն, եւ ընդհանրապէս բոլոր հայ եկեղեցական հաղորդամիջոցներուն եւ անոնց անձնակազմերուն կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն ու բոլորին կ'ըսենք ՁԵՐ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ ՃՇՄԱՐԻՏԻՆ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ:

 

Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ