Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2012 - Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Սեմինարը Հարիսայի մէջ օրը օրին


Հարիսա - Լիբանան

Նախաձեռնութեամբ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական Խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդին, ներկայիս Լիբանանի Հարիսա շրջանի Պեթանիա եկեղեցական կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենայ ուսումնաժողով մը ''Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցները Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս աւետարանութեան, երկխօսութեան ու խաղաղութեան միջոցառում'' նիւթով։

Ուսումնաժողովին կը մասնակցին 70 եպիսկոպոսներ, քահանաներ ու աշխարհականներ, եկած Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Սուրբ Հողերէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն եւ Հայաստանէն։

Երեքշաբթի 17 ապրիլին, առաջին նիստին առանցքը կազմեց «Սիւնհոդոսը եւ Այժմէականութիւնը»։ Միջին Արեւելքի երկիրնէն եկած մասնակիցները պարզեցին իրենց երկիրներու ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու զանազան եղանակներն ու կարելիութիւնները։ Ապա հայր Խալիլ Ալուան բանախօսեց «Միջին Արեւելքի մէջ ներկայացող խաղաղութեան մշակութային տարրերու վելուծումը» նիւթի մասին։ Այնուհետեւ, մասնակիցները՝ Միջին Արեւելքի համար եպիկոպոսներու յատուկ Սիւնոդհոսի լոյսին ներքեւ քննարկեցին այն հարկաւոր կարգադրութիւնները, զորս քրիստոնեաները պէտք է որդեգրեն պահպանելու համար քրիստոնէական աւանդութիւնը ու վկայութիւնը իւրաքանչիւրը իր ապրած երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու առաքելութիւնը քաղաքական գետնի վրայ ու Եկեղեցւոյ դերը խաղաղութեան ի սպաս։

Յետմիջօրէին, ելոյթ ունեցաւ  Եուսէֆ եպիսկոպոս Սուէյֆ ։ Ան խօսեցաւ Ընկերային Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Յարումով'' նիւթի մասին։ Ապա ներկաները իրենց խորհրդակցութիւնները կեդրոնացուցին «ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու դերը ի սպաս Աւետարանութեան» նիւթին վրայ։ Հարցադրումներ կատարուեցան Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցներու ներկայ իրադրութեան մասին։ Այդ միջոցները անմիջականօրէն կը սատարե՞ն քրիստոնէական կազմաւորումին։ Ո՞րոնք են ապագայ հեռանկարները։

Նիստի աւարտին, մասնակիցներու կողմէ ներկայացուեցան զանազան առաջարկներ։ Յայտնենք, որ աշխատանքները սկիզբ առին Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Գլաուտիօ Չելիի ողջոյնի խօսքով, ուր ան պարզեց ուսումնաժողովին նպատակը։
Այս թղթակցութիւնը պատրաստեց ռատիովատիկանի հայկական բաժնի պատասխանատու` Ռոպէր Աթթարեան, որ ներկայիս կը մասնակցի սոյն Ժողովի աշխատանքներուն որպէս ներկայացուցիչ Ռատիովատիկանի ու Թելեբաչէ Արմէնիա հեռուստակայանի հայերէն հաղորդաժամին։


 

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ