Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 - Վարդանանց տօնակատարութիւն քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ


Հռոմ

Հինգշաբթի 16 փետրուար 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ բոլոր վարդանանց զօրաւարներուն, որոնք պատերազմեցան վասն կրօնքին ու վասն հայրենեաց 451 թուին՝ պարսից հազարաւոր զինուորներուն դէմ:

Սուրբ Պատարագը մատոյց վարժարանի տեսուչ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան, ներկայութեամբ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ իտալացի հաւատացեալներու:

Գերյարգելին, իր քարոզը սկսաւ հետեւեալ բառերով.« Մահ իմացեալ անմահութիւն է», եւ որպէս վերյիշում հայոց համար իսկ ճանաչում բոլոր իտալացիներուն՝ տեսուչ վարդապետը ամփոփում մը կատարեց հայոց պատմութեանը կանգ առնելով «ընտրութիւն» բառին վրայ: Հայը 451 թուականին, ընտրութեան մը առջեւ գտնուեցաւ. մա՞հ թէ կրօնքի ուրացում: Հայը պատերազմեցաւ ոչ թէ ինքնապաշտպանման համար այլ իր կրօնքին՝ որ է իր ինքնութիւնն ու պատմութիւնը: Գերյարգելին հարց տուաւ ըսելով թէ ո՞վ է այն անձը որ այսօր պատրաստ է Աւարայրի դաշտ երթալու իր կրօնքը պաշտպանելու համար եւ իր հոգին փրկելու, բայց այս դարու դժբախտութիւնը այն է, աւելցուց ան, թէ մարդս շատ շուտով կը հրաժարի փրկչագործական ծրագիրէն վասն ոչնչի եւ վասն ժամանակաւորին: Այսօր չկան պարսիկներ որոնք կը պատերազմին հայոց ու անոր կրօնքին դէմ այլ կան շատ շատեր որոնք կը պատերազմին եկեղեցւոյ հովիւներուն դէմ որպէս կորստեան պատճառ անոր հօտին:

«Կանչուած ենք ապրելու Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսով» ըսաւ մեծաւոր հայրը, կոչ ուղղելով բոլոր ներկաներուն կրկին վերանորոգելու մտքերն ու սրտերը Քրիստոսով եւ մահը ըլլայ նպատակաւոր մահ որպէսզի այն ժամանակ իրականանայ Վարդանանաց պատերազմի բնաբանը.«Մահ իմացեալ անմահութիւն է»:

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մի ժամեայ հայկական յայտագիր մը նուիրուած այս սուրբ տօնին՝ ընդգրկելով հայկական երգեր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ. ապա երեկոն աւարտեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութեամբ մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ