Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2011 - Ընկերային հաղորդամիջոցներու 45-րդ համաշխարհային օրուան պատգամի հրատարակութիւն

 

 Վատիկան

 

«Կեանքի ճշմարտութիւն, հռչակում եւ վաւերականութիւն՝ թուային դարաշրջանին» խորագրով լոյս տեսաւ սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի պատգամը ընկերային հաղորդամիջոցներու 45-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, 24 յունուար 2011-ին։ Սրբազան հօր պատգամը կը հրատարակուի ամէն տարի, կաթողիկէ լրագրողներու պաշտպան սուրբ Ֆրանսիս Տը Սալի տօնին։

Այս տարուան պատգամը կը հաստատէ թէ հաղորդակցութիւնը թուային աշխարհին մէջ կը ներառէ «յարակցութիւն» եւ «վաւերականութիւն»։ Այն հաւաստումէն մեկնելով, թէ «մեծ ու ճշմարիտ փոփոխութիւն» տեղի կ՚ունենայ, նոր արհեստագիտութիւնները չեն փոխեր միայն հաղորդակցութեան կերպը, այլ կ՚այլափոխեն ինքնին հաղորդակցութիւնը. այս նոր միջոցները հանդիպման մեծ առիթներ կ՚ընծայեն, շրջանցելով տեղի եւ մշակութային պատկանելիութեան սահմանները, ստեղծելով՝ նոր բարեկամութիւններ կազմելու կարելիութիւնը, ներառելով անոնց անխուսափելի վտանգները։ Ինչպէս նաեւ շնորհիւ նոր յարաբերութիւններ կազմելու կարելիութիւններուն, այժմ կարելի է ոչ միայն տեղեկութիւններ փոխանակել, այլ աշխարհի նկատմամբ տեսութիւն մը բաժնել, անոր յոյսերով եւ տեսլականներով:

Հետեւաբար, սրբազան քահանայապետը այս պատգամին մէջ կը միացնէ թուային հաղորդակցութիւնը, անձնական դիմագիծին եւ կեանքի յարակցութեան։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ