Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2009 - Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում Պլոքի Պէյրութ Ա. Ընտրաշրջանի Թեկնածուները Այցելեցին Հ. Կ.Պատրիարքարան

Լիբանան

 
Երեքշաբթի 7 Ապրիլ 2009-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում պլոքի Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուները՝ փոխ
 
վարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա, Մասուուտ Աշքար, Նիքոլա Սահնաուի, Վրէժ Սապունճեան եւ Կրէկուար Գալուստ այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ պատրիարքական փոխանորդ՝ Արհի. Վարդան եպս.Աշգարեան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ քաքաղաքկանութիւնը առաքելութիւն է ժողովուրդը ծառայելու եւ հետեւաբար պէտք չէ դառնայ հատուածներու միջեւ պայքարի եւ պառակտումներու պատճառ: Մեկնելով քրիստոնէական բարոյական արժէքներէն աւելցուց Հոգեւոր Տէրը, քրիստոնեայ համայնքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին պէտք է միասնականացնէ իր շարքերը եւ քրիստոնեաներուն միջեւ տիրէ գործակցութեան ոգին, հակառակ քաղաքական տեսակէտներուն մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ տարբերութիւններու:

Իր կարգին փոխ վարչապետը Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ յայտնեց Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի քաղաքական սկզբունքները, փոխանցելով անոր Ս. Զատկուան բարեմաղթանքները:

Հանդիպումի աւարտին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը մաղթելով բոլորին յաջողութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ