Հինգշաբթի, 25 Յուլիս 2013 - Վարդապետական ձեռնադրութիւն եւ օծում տէր Սիմոն Դե Նարտոյի

Թեհրան

Հինգշաբթի, 18 Յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Թեհրանի հայ կաթողիկէ Սբ. Գրիգոր Lուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Իրանի Հայ Կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ առաջնորդ գեր. Հ. Նշան արք. Գարաքեհէեանի կողմէ՝  Հայաստանէն եւ Չաւախքէն յատկապէս ժամանաձ տէր Պետրոս եւ տէր Անտոն վարդապետներուն առընթերակայութեամբ մատուցուած հանդիսաւոր սբ. Պատարագի ընթացքին, «Ողջոյն»էն առաջ տեղի ունեցաւ տէր Սիմոն Դե Նարտօ սարկաւագին վարդապետական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը՝ ձեռամբ պատարագիչ Հօր:

Ձեռնադրութենէն ետք արտասանած իր քարոզին մէջ, գեր. Հ. Նշան արք. Գարաքեհէեան շնորհաւորեց նորօծ վարդապետը յորդորելով անոր նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայել Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքին, որուն մնայուն հոգեւոր հովիւը նշանակուած է: Գերապայծառը նշեց որ Քրիստոսի լուծը, որ իր ուսերուն կ՚առնէ նորօծ վարդապետը, կրնայ ծանր թուիլ, բայց քաղցր է զայն սիրայօժար ստանձնած առաքեալին համար:

Հոգեպարար արարողութեան յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ ձեռնադրեալ վարդապետին կողմէ հաւատացեալներուն երեք անգամ տրուած օրհնութիւնը, ապա նաեւ սբ. Հաղորդութեան բաշխումը անոր ձեռամբ:

Յաւարտ սբ. Պատարագին, տէր Սիմոն շնորհակալական խօսք ուղղեց Հ. Նշան արք. Գարաքեհէեանին եւ հայ կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներուն՝ իրեն հանդէպ անոնց ցուցաբերած վստահութեան եւ վերաբերումին համար:

Ձեռնադրութեան արարողութեան ներկայ հոծ թիւով հաւատացեալներու առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէր ներկայութիւնը Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդի օգնական Տէր Մակար վրդ. Աշգարեանի, Իրանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Վեր. Սերգէյ  Շահվերդեանի եւ Վեր. Միշէլ Աղամալեանի, լատին եւ ասորական կաթողիկէ Եկեղեցիներու առաջնորդներուն, օտարազգի քրիստոնեայ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալ վարդապետին հարազատներուն:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, նորօծ վարդապետը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Տէր Սիմոն, աւազանի անունով՝ Պեռնար, ծնած է 1975-ին, Արժանթին: Համալսարանական կրթութիւնը, որպէս իրաւաբան, աւարտելէ ետք, իր հոգեւոր կրթութիւնը ստացած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ: Նախքան սարկաւագ ձեռնադրութիւնը անցեալ յունուարին Թեհրանի մէջ, ան կարճ ժամանակ մը ծառայած է Հայաստանի մէջ:
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ