Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2013 - Կիւլպենկեան հիմնարկի ներկայացուցիչը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը

 

 

Պէյրութ

 

 

Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2013, առաւօտեան ժամը 11:30-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ պարոն Ռազմիկ Փանոսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին Գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեանը, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը եւ պարոն Կրէկուար Գալուստը: Բարիգալուստի խօսքերէն ետք, պարոն Փանոսեան դիտել տուաւ որ իր Լիզպոնի գրասենեակէն դուրս ելլելով ուզած է տեղւոյն վրայ տեսնել այն իրականութիւնները, որոնց հետ պատմականօրէն կը գործակցէր այս հիմնարկը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշեց թէ հայ կաթողիկէ հաստատութիւններուն հետ ճոխ անցեալ մը ունի Կիւլպենկեան հիմնարկը, ապա թուեց այն բոլոր հայ կաթողիկէ լիբանանեան հաստատութիւնները, որոնք օգտուած են սոյն հիմնարկէն: Հոգեւոր Տէրը նշեց նաեւ այլ նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք իրականացան հայ կաթողիկէ աշխարհէն ներս վերջին տարիներուն, եւ անոնք ալ Մեսրոպեան վարժարանի ամառնային «Ովասիս»-ն ու «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն»-ն  են, եւ Հիմնարկի տնօրէն պարոն Ռազմիկին ուշադրութեան յանձնեց անոնց տարած աշխատանքները:

Պարոն Կրէկուար ներկայացուց հայկական դպրոցներու մէջ տիրող դժուար կացութեան առարկայական համայնապատկեր մը: Պարոն Փանոսեան յայտնեց թէ ճգնաժամային հարցերուն դիմաց ինք որոնումի մէջ է հաստատ եւ երկարատեւ լուծումներու, ապա աւելցուց թէ ան կը փափաքի նոր գործելակերպ որդեգրել, եւ աւելի յատուկ ծրագիրներու ուշադրութիւն դարձնել: 

Այցելութեան ընթացքին պարոն Փանոսեան Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Գլոտ Մութաֆեանին երկու հատորներով Հայաստանի մասին պատկերազարդ աշխատասիրութիւնը:

Այս սիրալիր մթնոլորտին մէջ, Հոգեւոր Տէրը յոյսը յայտնեց մօտ ապագայի գործակցութեան, որ միայն բարիք կրնայ ընել նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան:

Ապա վարդապետներուն եւ պարոն Գալուստին ընկերակցութեամբ Պատրիարքարանին հիւրը այցելութիւն մը կատարեց Մեսրոպեան Վարժարան, ուր նաեւ անպաշտօն կերպով հանդիպեցաւ աշակերտութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ