Sermons Sermons
Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2005 - Նոր տարուայ քարոզ Telelumiere-էն

Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր Լիբանան, Հայաստան, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ աշխարհի չորս ծագերը,

2005 տարին կը վերջանայ եւ նոր տարի մը կը սկսի: Նոր տարիին այս անցքը կը մտաբերէ մեր յիշողութեան մէջ անցած տարուայ կարեւոր դէպքերը՝ ուրախ եւ տխուր, եւ յոյս կը ներշրչէ գալիք տարուան համար, որպէսզի նուազ ցաւերով ըլլայ եւ յաջողութիւններ ու երջանիկ առիթներ հետը բերէ :

2006 տարուայ նոր յուշատետրը մեր սեղանին վրայ է արդէն՝ ճերմակ էջերով: Մեզի կ’իյնայ զանոնք լեցնել մեր նոր ծրագիրներով եւ բարի տրամադրութիւններով: Այս գործը կատարելու համար անպատճառ աչք պիտի նետենք անցած տարուայ իրադարձութիւններու վրայ՝ մեր հանդիպումներուն եւ աշխատանքներուն, մեր կատարած ձեռնարկներուն եւ յուսախաբութեամբ մնացած մեր փափաքներուն: Բայց ուրտ՞եղէն սկսիլ:

Նախ եւ առաջ, որպէս հայ, մենք քրիստոնեայ ենք եւ հարուստ հոգեմշակութային ժառանգութիւն ունինք մեր կռնակը: Հայը աստուածավախ է եւ իր մարդկային տկարութիւններուն եւ պատմութեան դժնդակ պայմաններուն հանդերձ, ան միշտ կապուած մնացած է Քրիստոսին եւ Ս. Աւետարանին, որոնց համար մեր հայրերը իրենց գերագոյն վկայութիւնը տուին 90 տարի առաջ: Ուստի մեր աչքը սեւեռենք Աստուծոյ վրայ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնենք այն բոլոր շնորհքներուն համար որ պարգեւած է մեզի անցեալ տարուայ ամէն օրուան ընթացքին եւ բոլոր չարիքներուն համար որ մեզմէ հեռու պահած է:  

Քանի մը օր առաջ՝ տօնակատարեցինք Յիսուս Քրիստոսի ուրախաբեր եւ օրհնաբեր Ծնունդը: Աստուած այնքան մօտ ուզեց ըլլալ մեզի, որ մանուկ դարձաւ: Մեզի կ’իյնայ զայն ընդունիլ մեր սրտին եւ մեր կեանքին մէջ:

Մանուկ Յիսուսը կը կրէ թագաւոր խաղաղութեան եւ փրկիչ աշխարհի տիտղոսները, որոնք յատուկ էին հռոմէացի հզօր կայսրին, որ ինքը միայն կարողութիւն ունէր աշխարհի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու եւ մարդոց կեանքը բարւոքելու: Յիսուս աշխարհի բոլոր կայսրներէն եւ իշխանապետներէն աւելի զօրաւոր է: Անոնք կ’անցնին, կը մեռնին ու կը մոռցուին, Յիսուս Քրիստոս կայ ու միշտ մեզի հետ կը մնայ յաւիտեանս յաւիտենից:

Եթէ այսպէս է, ամանորը չենք կրնար դիմաւորել առանց նկատի ունենալու Յիսուսի ներկայութիւնը, որ ոչ միայն կարող է, այլ նաեւ կ’ուզէ մեզի պարգեւել նոր յոյս մը չընկճուելու համար անցեալ տարուայ բազմաթիւ տխուր դէպքերու տակ, այլ թարմ նայուածքով եւ նոր առաջադրութիւններով դիմագրաւենք ընտանեկան եւ ընկերային դէպքերը եւ աշխարհի իրադարձութիւնները: Առանց Քրիստոսի, մարդկային խելքը եւ կարողութիւնները ու արդի ստեղծագործութիւնները չեն կրնար լուսաւորել մեր ճամբան եւ լուծում բերել մեր առօրեայ հարցերուն, ինչպէս որ կեանքի փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ :

Մենք կը փնտռենք խաղաղ կեանք, ապահով ապագայ, ընտանեկան եւ հասարակական ջերմութիւն: Անոնք որոնք սխալ տեղ կը փնտռեն, կը նմանին այն մարդուն որ կ’ուզէ բուժուիլ իր հիւանդութենէն, բայց սխալ դեղ կ’առնէ: Հիւանդ կը մնայ, կը յուսահատի եւ տխուր կ’ըլլայ ու մռայլ մթնոլորտ կը ստեղծէ իր շուրջը: Իսկ ան որ ուղիղ դեղը կ’առնէ՝  կը բուժուի եւ կեանքը կը ժպտի իրեն: Ան ոչ միայն լաւ տրամադրութիւն կ’ունենայ, այլ նաեւ կը ջանայ ուրիշներուն բեռը թեթեւցնել եւ ցաւերը ամոքել: Կը ջանայ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ, մանաւանդ աղքատին, հիւանդին եւ մարդ չունեցողին: Ամէն տեղ յոյս կը սփռէ եւ ժպիտ կը տարածէ:

Ուստի երկու տեսակ մարդ կայ՝ ան որ շիտակ ճամբան գտած է եւ ան որ խաբուեցաւ եւ սխալ գաղափարներուն կը հետեւի: Այս նոր տարուայ սեմին քեզի կ’իյնայ ընտրել: Եթէ կը վստահիս Յիսուսին եւ անոր Աւետարանին, քու հայրերուդ նման Անոր ճամբէն քալէ եւ կեանքդ պիտի փոխուի, նոր իմաստ պիտի առնէ: Եթէ ոչ, նոյն եւ նման կեանք պիտի ունենաս անցեալ տարուան պէս՝ նոյն ընթացքով, կարծես անելիի առջեւ կը գտնուիս եւ դատապարտուած ես կրելու անզօր՝ անհասկացողութիւնները եւ փոխյարաբերութեան քօղարկուած կեղծաւորութիւնները:

Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մենք, մեր ընտանիքը, մեր հասարակութիւնը եւ համայն աշխարհը ամէնէն աւելի խաղաղութեան կարօտը ունի: Ով որ չունի սրտի խաղաղութիւնը չի կրնար զայն ուրիշին փոխանցել: Խաղաղութիւն ունենալու համար, նախ դուն ձեռքդ տուր խաղաղութեան թագաւորին, Մանուկ Յիսուսին: «Յիսուս քեզմէ բան մը չառնէր, միայն կու տայ», կ՛ըսէ Պենետիկտոս Սրբ. Քահանայապետը: Ուստի, անոր լայնօրէն բա՛ց քու սիրտդ, իրմէ մի՛ վախնար, իրեն մօտեցի՛ր եւ իրեն վստահէ՛: Անոր լոյսին կենդանարար ոյժը քեզի թիկունք պիտի հանդիսանայ վերաշինելու համար նոր կարգավիճակ մը քու շրջանակիդ մէջ: Կարգավիճակ մը հիմնուած ուղիղ բարոյական եւ արդար տնտեսական սկզբունքներուն վրայ: Խաղաղութեան բաշխող եղի՛ր: 

Թող Յիսուսի սէրը ուղղէ մեր ընտանիքները եւ բոլոր ժողովուրդները: Թող երկիրներուն կառավարիչները եւ պատասխանատուները մարդկային ընտանիք մը կազմեն եւ ստեղծեն վստահութեան եւ փոխադարձ օգնութեան փոխյարաբերութիւններ: Միացած մարդկութիւնը միայն կրնայ դիմագրաւել ներկայ մտահոգիչ եւ լուրջ հարցերը՝ ահաբեկչութեան սպառնալիքէն մինչեւ աղքատութեան նուաստացուցիչ պայմանները ուր կը խարխափին միլիոնաւոր անտուններ եւ թշուարականներ, ինչպէս նաեւ զէնքի արագ ծաւալումէն մինչեւ համաճարակ հիւանդութիւնները:
 
Յիսուս որ մարդացաւ, մեզմէ մէկը դարձաւ,
թող նեցուկ ըլլայ ձեզի եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց:
Թող անոր սէրը յաղթէ մարդասպան կռիւներուն:
Թող անոր լոյսը լուսաւորէ բոլորին ճամբան:
Թող մարդիկ անոր իմաստութեամբ եւ ոչ թէ մարդկային իմաստութեամբ ընթանան:
 
Տրամախօսութիւնը տարբեր կամ հակառակ հատուածներուն միչեւ լաւագոյն միջոցն է իրար զիրար լաւ ճանչնալու, հասկնալու եւ իրարու հետ համագործակցելու: Տրամախօսութիւնը մեզ կը պաշտպանէ, օտարը բարեկամ կը դարձնէ եւ դուռը կը բանայ միասին աշխատելու եւ պայքարելու բոլոր չարիքներուն դէմ: Խաղաղութեան ճամբան տրամախօսութիւնն է , ան կ’օգնէ աւելի նպաստաւոր աշխարհ մը յառաջ բերելու:

Սրտանց կը յորդորեմ ձեզ եւ բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց որ, հայ ժողովուրդին մեծ Եղեռնի իննսունամեակի յիշատականի առթիւ, բոլոր հաւատացեալ մարդիկը մարդացեալ Յիսուսի լուսաբեր օրինակին հետեւին եւ նոր տարի մը թեւակոխեն, որ տարբեր ըլլայ նախորդ տարիներէն՝ աւելի խաղաղ, աւելի լուսաւոր, աւելի յուսալից եւ աւելի սիրով բոլոր մարդոց համար:

Թող Ամենակալն Աստուած փարատէ մեր սիրելի Լիբանանի, Միջին Արեւելքի շրջանի մթագնող ամպերը, ամբողջական խաղաղութիւն պարգեւէ, եւ անսասան պահէ Հայոց անկախ պետականութեան հիմերը ու զօրացնէ Հայութեան յաղթապանծ գոյերթը:

Շնորհաւոր Նոր Տարի ամէնուդ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ