Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը Հայաստան Սփիւռք Ե. Համաժողովին

 

Երեւան

 

Մեծայարգ  Տիար Բագօ Սահակեան

Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

 

Տիար Յովիկ Աբրահամեան

Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան

 

Սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս՝

 

Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ.

Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

 

Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա.

Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

 

Վերապատուելի Հովել Միքայելեան

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհրդի Նախագահ

 

Յարգարժան պետական եւ քաղաքական այրեր

 

Սիրելի մասնակիցներ Համաժողովին

 

Ուրախ ենք, գօտեպնդուած եւ հպարտ՝  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին անգամ մը եւս համախմբուած տեսնելով հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր բաղկացուցիչներու ներկայացուցիչները, ազգային հիմնախնդիրներու նախանձախնդիր հայորդիներ, նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան, եւ ուրեմն՝ հովանաւորութեամբ հայկական պետութեան։

 

Եկած ենք քննարկելու բոլորս՝ հաւաքաբար եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ անհատապէս յուզող եւ տագնապեցնող համազգային հիմնախնդիրներ,  որոնց առաջնահերթութիւնները ճշդել կը դժուարանանք յաճախ։ Բայց բոլոր պարագաներուն տակ եւ բոլոր օրակարգերուն դիմաց առաջնահերթութեանց առաջնահերթը էր ու կը մնայ մեր միասնականութիւնը, որ մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, առաջադրանքներն ու պայքարները զօրացնող ուժը պիտի ըլլայ։ Ան իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ  ոչ միայն մեր պատմական եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ, այլ մեր պահանջատիրութիւնը յարաճուն վճռականութեամբ շարունակելու մեր անկոտրում կամքին մէջ, համայն Հայութեան առջեւ ծառացող նորագոյն խնդիրներուն լուծումը հետապնդելու մեր յանձնառութեան մէջ, յիշելու եւ պահանջելու կարգախօսը հետապնդելու աշխատանքին մէջ, մեր հրապարակային բոլոր ձեռնարկներուն մէջ։

           

Այդ միասնականութեան շաղախը Հայկական Պետութիւնն է, մեր՝ բոլորիս, համայն Հայութեան թիկունքը։ Իսկ խարիսխը՝ համայն Հայութեան նուիրական Հայրենիքը՝ Հայաստանը։ Այդ թիկունքին ու խարիսխին հզօրացումը առաջին գրաւականն է ոչ միայն 100-րդ տարելիցին առիթով, այլ մեր ժողովուրդին համար բախտորոշ բոլոր առիթներով որդեգրուած առաջադրանքներու, որոշումներուն ու մշակուած ծրագիրներուն  յաջողութեան։ Հայ Եկեղեցին այդ թիկունքին ու խարիսխին գլխաւոր յենարանն է, համահայկական միասնութեան շաղախը զօրացնող երկնառաք ուժը։

 

Հայկական այսպիսի միասնականութեան վկայութիւնը տալու կոչուած է մեր ժողովուրդը՝ իր խուռներամ ներկայութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հայածէս մեծաշուք սուրբ Պատարագին, զոր մատուցանելու  ուրախութիւնը պիտի ունենամ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, 2015-ի Ապրիլի 12-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, եւ որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի տայ իր հայրական պատգամը։ Սովորական ձեռնարկ մը պիտի չըլլայ ասիկա, այլ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային ամէնէն ուժեղ արձագանգը ունեցող իրադարձութիւններէն մէկը, որովհետեւ այդ օրը սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ համախմբուած պիտի ըլլան Կարդինալները եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւորական բարձրագոյն դասի ներկայացուցիչները, Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած մօտ հարիւր իննսուն օտար դեսպանները, ամէն երկրէ հայ եւ օտար հաւատացեալները, ինչպէս նաեւ հայածէս արարողութեանց վրայ բացուած պիտի ըլլան միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներուն լուսարձակները։

           

Այս իրադարձութիւնը պիտի հանդիսանայ միաժամանակ՝ քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն Առաջնորդին կողմէ՝ 1915-ի աշխարհացունց Եղեռնը իբրեւ ցեղասպանութիւն դեռ եւս պաշտօնապէս ճանչնալ վարանող պետութիւններուն ուղղուած հրաւէր մը ո՛չ միայն ճանչնալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, այլ դատապարտելու զայն եւ պահանջելու անոր հետեւանքներուն դարմանումը, եթէ իրապէս կ'ուզեն որ մարդկութեան խնայուին նման ցեղասպանական արարքները։

           

Վստահ եմ որ Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած վատիկանեան այս եզակի իրադարձութիւնը պիտի զօրացնէ Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Իրաւունքի վերականգնումին ի խնդիր Հայ ժողովուրդին պահանջը։

           

Թո՛ղ Աստուած իր հովանին անպակաս ընէ այդ պահանջատիրութեան դիրքերուն վրայ կանգնած իւրաքանչիւր հայորդիի վրայէն. Ամէն:

 

Երեւան, 19  սեպտեմբեր 2014

 

+Ներսէս Պետրոս ԺԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց   

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ