Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014 - Այդ «մեկը»՝ տասը միլիոնով բազմապատկուած ուժով կը յիշէ՛ ու կը պահանջէ՛


Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի Դ. նիստը, որ գումարուեցաւ 27 Մայիսին Երեւանի մէջ, եկաւ անգամ մը եւս վկայելու որ ո՛չ միայն չիրականացաւ աշխարհի վրայ միայն մէկ հայ, այն ալ թագարանի համար ողջ ձգելու օսմանեան կայսրութեան գազանաբարոյ ղեկավարներուն երազը, այլ տասը միլիոնով բազմապատկուած այդ մէկը՝ այսօր,  100 տարի ետք կը պայքարի ու պիտի շարունակէ պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման համար,  ինչպէս հաստատեց նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ համայն հայութեան ներկայացուցիչները համախմբող  նիստի բացման իր բաւական լայնածաւալ խօսքին մէջ:

«Թող ոչ մէկը մտածէ թէ – ըսաւ ան – Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը մեր դատի սահմանագիծն է…: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մենք ներկայանալու ենք նորացուած նպատակադրումներով եւ մեր առջեւ դրուած համահայկական նոր օրակարգով, առաւել հզօր պետականութիւն եւ առաւել համախմբուած սփիւռք ունենալու մեր ծրագրերով: Հարիւրամեակով մենք ազդարարելու ենք յանուն արդարութեան վերականգնման պայքարի նոր փուլ մը»: Նախ. Սարգսեան շատ յստակօրէն հասկցուց որ պայքարը պիտի չդադրի մինչեւ որ Թուրքիա գիտակցի թէ օսմանեան կայսրութեան յանցակիցը չդառնալու համար պատմութեան հետ առերեսումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը այլընտրանք չունին:

Հայաստանի նախագահին ելոյթը՝ 100-րդ տարելիցի սեմին համայն հայութեան ներկայացուցիչները  համախմբող աննախընթաց լսարանի մը դիմաց, իր յստակ առաջարկներով ու առաջադրանքներով, ամբոխներ խանդավառելու սահմանուած սոսկ հռետորաբանութիւն չէր, այլ  հայկական պահանջատիրութեան պայքարի նոր փուլին ազդանշանը՝ բոլո՛ր ճակատներուն եւ հարթակներուն վրայ, ներքին ու միջազգային: Ան յստակ յղում մըն էր էրտողանեան Թուրքիոյ, պատասխան մը՝ թրքական իբրեւ թէ ՙբարիկամեցողական՚ առաջարկներուն, քօղազերծումն էր միջազգային հասարակութեան «բարի կամեցողութեան տէր» եւ «վշտակից մարդ»ու դիմակով ներկայանալու թրքական կեղծաւորութեան: Հրաւէր մը Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, ճշմարտութեան հետ:  Հրաւէր  մը թրքական իշխանութիւններուն՝ ճշմարտութիւնը փոխանակ արխիւներու մէջ փնտռելու ժամավաճառութեան, «առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ» մտնելով աշխարհասփիւռ ոեւէ հայ ընտանիքի տունէն ներս եւ հարց տալու թէ «ի՞նչ է ձեր նախնիներուն այստեղ յայտնուելուն պատճառը», եւ ապա Ապրիլի 24-ին գալու Ծիծեռնակաբերդ՝ հասկնալու համար այդ օրուան խորհուրդը իւրաքանչիւր հայու համար:

Գնդակը Էրտողանի բերդէն ներս ուղարկելու Սերժ Սարգսեանի հարուածը իր ամբողջ ուժգնութիւնը ստացաւ   Թուրքիոյ նախագահը (ով որ ալ ըլլայ ան  յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքով) 2015-ի Ապրիլին Հայաստան այցելելու հրաւէրով՝ առերեսուելու  համար Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ: Միջազգային իրաւարարները վստահաբար Հայաստանին ի նպաստ կէտ մը արձանագրեցին այս չսպասուած հրաւէրով, որուն Անգարայի պատասխանին ուշացումը թրքական դիւանագիտութեան շփոթահարութեան հետեւանքը կրնայ ըլլալ՝ եթէ նկատի ունենանք որ Տաւուտօղլուի իսկ խոստովանութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին դէմ աշխատանքի լծուած են «դիւանագիտութենէն մինչեւ իրաւական, հասարակականէն մինչեւ գիտական ոլորտներուն մէջ եւ թրքական սփիւռքի մասնակցութեամբ» եւ Էրտողանի ապրիլի 23-ի ուղերձը «այդ թրքական ամբողջական ռազմավարութեան մաս կը կազմէր»: Իր այս խոստովանութեամբ, Տաւուտօղլուն անգամ մը եւս հաստատեց  որ «20-րդ դարասկիզբին իրենց կեանքերը կորսնցուցած հայերու թոռներուն ցաւակցութիւն յայտնելով»՝ զոհն ու դահիճը եւ ընդհանրապէս պատերազմի կորուստները  հաւասարեցնելու Էրտողանի փորձը իրականութեան մէջ ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտելու եւ չքմեղանալու նորովի  փորձ մըն է:

Մինչեւ 2015-ի Ապրիլ, նման փորձերու շարքը հաւանաբար պիտի երկարի: Մինչ այդ, զանոնք դիմագրաւելու, չէզոքացնելու, անոնց հակազդելու եւ միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու պատրաստ գտնուելու կոչ մըն էր նախ. Սարգսեանին խօսքը ուղղուած  իւրաքանչիւր հայու: «Իւրաքանչիւրս պէտք է ունենանք մեր պատասխանատուութեան զգացումն ու չափաբաժինը հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուելիք միջոցառումներուն յաջող անցկացումին եւ միջազգային իրազեկման նոր մակարդակ ապահովելու համար»: Այս ուղղութեամբ ան խիստ կարեւորեց լոպպիիստական եւ իրազեկման կառոյցներուն դերը: Այդ կարեւորութեան գիտակցութեամբ  եւ համապատասխան զգօնութեամբ եւ աշխուժութեամբ գործելու կոչուած են  զանգուածային լրատուամիջոցները, եւ մանաւանդ անոնք որոնք օտար լսարաններէ ներս թափանցելու հնարաւորութիւնը ունին: Եւ քիչ չէ անոնց թիւն ու հեղինակութիւնը:
 
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ