Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2014 - Ոչ եւս է հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեան Մխիթարեան մտաւորական հայրը

 

Լոս Անճելոս

 

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ, հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեանի, որ պատահեցաւ շաբաթ 19 յուլիսին, Լոս Անճելոսի մէջ:

 

Հայր Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեանծնած է սեպտեմբեր 19, 1921-ին Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքին մէջ (այժմ Ռումանիոյ մէկ քաղաքը): Իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ, 1931-ին, հազիւ տաս տարեկան, մտած է Վիենննայի Մխիթարեան կղերանոցը: Դեկտեմբեր 31, 1944-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1945-46 տարիներուն կ'աւարտէ իր համալսարանական ուսումը եւ կը ստանայ իր մագիստրոսի տիտղոսը Վիեննայի պետական համալսարանէն:

Ի շարս այլ պաշտօններու, 1957-1961 տարիներուն, Պէյրութի Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանէն ներս կը վարէ փոխ տնօրէնի եւ ուսուցիչի պաշտօնը: Կրկին կը վերադառնայ Լիբանան եւ 1972-1978 տարիներուն կը ստանձնէ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ժառանգաւորներու բաժինի պատասխանատուութիւնը:

1978-1992 տարիներուն եղած է Ընհանուր աթոռակալ այն ատեն Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան: 1992-էն 2009 եղած է տնօրէն Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին:

Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական աշխատանքներ, նամանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած: Իսկ այս բոլորէն անկախ հրատարակութեան պատրաստած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:

 

Յաջորդիւ կը տեղեկացնենք վաստակաշատ հոգեւորականին յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին որ պիտի կատարուի Վիեննայի մէջ:

 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

 

Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ