Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013 - Հայոց Ցեղասպանութեան Լաւալի նորակառոյց յուշարձանի բացում

Պէյրութ

20 Հոկտեմբեր 2013-ին, Քանատայի Քեպեք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալ քաղաքի կեդրոնը բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին:

Մոնրէալի հայ կաթողիկէ «Տիրամայր Նարեկի» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գէորգ ծ.վ. Զապարեան մասնակցեցաւ բացման հանդիսութեան, քանատացի պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու կողքին:

Հանդիսութեան խօսքերէն ետք, Հայաստանի, Արցախի, Քանատայի, Քեպէքի եւ Լաւալի դրօշներուն հովանիին ներքեւ, թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեան եւ վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան կատարեցին յուշարձանի օրհնութեան արարողութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի այս նորակառոյց յուշարձանը Քանատայի մէջ առաջին յուշակոթողն է, որուն հեղինակն է քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեան, եւ ան կը խորհրդանշէ Խաչելութեան, Յարութեան եւ Վերածնունդի:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ