Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2012 - Լուսաբանական բացատրութիւններ «Աւետարանացում» բառին շուրջ


Պէյրութ

Հարցում մը ուղղուեցաւ մեր հոգեւոր հայրերուն լուսաբանական բացատրութիւններ տալու համար «Evangéliser» բառին թարգմանութեան եւ հայերէն լեզուական ճշգրիտ բառին գործածութեան համար։ Ստորեւ պատասխանները եւ բացատրութիւնները այս ուղղութեամբ։

Հայր Ռափայէլ Անտոնեան ըսաւ որ Աւետարանում բառը լաւագոյնն է թարգմանելու համար «Evangélisation» բառը, որովհետեւ օրինակի համար ունինք Աւետել բառը եւ կ՛ըսենք Աւետում, Ընծայել բառին կ՛ըսենք Ընծայում, Պսակել բառին կ՛ըսենք Պսակում։

Հայր Վահան Օհանեան ըսաւ որ «Evangélisation» բառը կը նշանակէ Աւետարանի վարդապետութեան վերանորոգ քարոզութիւն։

Հայր Լեւոն Զէքեան հարց տուաւ եթէ «Evangéliser» բառը թարգմանել Աւետարանացնել բայով, երբ Աւետարանել-ը մաքուր հայերէն է։ Ան յայտնեց որ կը նախնտրէ գործածել Վերստին Աւետարանում բառը «Nouvelle Evangռlisation»-ը թարգմանելու համար։

Հայր Եղիա Քիրիճեան ըսաւ որ շատ տրամաբանական կը գտնէ նոր աւետարանացումը կամ անոր աւետարանումը փոխարինել Աւետարանի նոր քարոզութիւն առաջարկով։ Ան նշեց, որ հայերէն թարգմանութիւնը ոեւէ ձեւով ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի ճշգրիտ իմաստը չ՛արտայայտեր։

Գերապայծառ Թէյրուզեան յայտնեց որ ըստ գերյարգելի Կռանեանին, Աւետարանել եւ Աւետարանացում աւելի ճիշտ են. իսկ «La nouvelle evangelisation»-ը թարգմանութիւնը՝ Աւետարանի նոր քարոզչութիւն է։ Ըստ Պաթագեան գերապայծառին, «La nouvelle évangelization»-ը թարգմանութիւնը՝ Նոր Աւետարանացում է։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան պատասխանեց որ Աւետարանել բառը աւելի ճիշտ է «Evangéliser» բառին թարգմանութեան համար, իսկ Աւետարանացումը աւելի ճիշտ է «évangélisation» բառին թարգմանութեան համար։ Ան յայտնեց, որ Աւետարանի նոր քարոզութիւն կարելի է ըսել, ինչպէս նաեւ Նոր Աւետարանացում։

Պաթագեան գերապայծառը իր պատասխանին մէջ շեշտեց, որ աւետարանել եւ աւետարանացում բառերը ճիշտ են։ Նոր Աւետարանացումը ճիշտ իմաստը կու տայ «La nouvelle évangélization» բառին, որովհետեւ նոր քարոզութիւն չէ այլ եղած քարոզութեան վերակենդանացումն ու ապրումն է։

Հայր Գեւորգ Զապարեան իր կարգին նշեց, որ պէտք չունինք Աւետարանացում ըսելու որովհետեւ Աւետարանութիւն-ը լիուլի կ'արտայայտէ աւետարանելու գործողութիւնն ալ:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ