Հինգշաբթի, 30 Օգոստոս 2007 - Դիւան թիւ 211/07- Շնորհաւորագիր Տիար Բակօ Սահակեանին

 

Զմմառ, Լիբանան

Դիւան թիւ 211/07

Մեծայարգ Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

Վսեմաշուք Պարոն Նախագահ,

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անկախութեան 16ամեակին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ձեր միջոցաւ Արցախի համայն ժողովուրդը, որուն զրկանքներուն, տոկունութեան, զոհողութեան եւ անձնուրաց պայքարին արգասիքն է Արցախի անկախ պետականութեան կայացումը: Համայն Հայութեան պարտքն է իր ամբողջական զօրակցութիւնը ցուցաբերել Արցախի մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման, հզօրացման եւ միջազգային ճանաչման:

Կ’աղօթենք որպէսզի Տէրը իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր, Ձեր գլխաւորած պետական իշխանութեան եւ Արցախի մեր ժողովուրդին վրայէն, եւ յաջողութեամբ պսակէ Ձեր հայրենաշէն աշխատանքները:


Հայրական Օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
    

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ