Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2011 - Պարգեւատրում Մեսրոպեան վարժարանի երեք շրջանաւարտներու


Պուրճ Համմուտ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 20010-2011 կրթական տարեշրջանի Լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն հայկական վարժարաններուն մէջ Մեսրոպեան վարժարանը այս տարի եւս արձանագրած է գնահատելի եւ պատուաբեր արդիւնքներ։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ընդհանուր գիտութեան մէջ առաջինը հանդիսացած է մեր վարժարանէն Սագօ Հալլաճեանը, իսկ Գրականութեան բաժինին մէջ` Ռիթա Ֆերմանեանը: Նաեւ Կենսաբանութեան բաժինին մէջ «լաւ» յիշատակութեան արժանացած է Փաթիլ Մարսիմը:
Արդիւնքները հաստատուած են ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան կազմակերպուած պաքալորէայի գերազանց նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին, որ քաջալերական եւ մեծապէս գնահատանքի արժանի աւանդութեան վերածուած ձեռնարկ մըն է:
Այս առիթով, վարժարանի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ ուսուցչական կազմը, ծնողներն ու աշակերտները, որոնց գործակցութեամբ, նուիրումով եւ հաւաքական աշխատանքով կարելի եղած է բարձր պահել Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով գործող Մեսրոպեան վարժարանը` բարձրագոյն ու բարձրորակ ուսման եւ հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութեան ջամբման հայաշունչ կառոյցը։

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ