Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2008 - Իրանի Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ, Լիբանան

 
Երկուշաբթի 6 Ապրիլ 2008ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ
 
  Իրանի դեսպան՝ Մոհամմատ Րիտա Շիպանին: 45 վայրկեան տեւող այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի.Վարդան Եպւ. Աշգարեանը:
Դեսանը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց տօնական օրերու խնդակցութիւններն ու բարեմաղթութիւնները եւ ապա  խօսակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ, դարձեալ նախագահական յաճախակիօրէն յետաձգուող ընտրութեան լոյսին տակ:
Հոգեւոր Տէրը իր տեսակէտները պարզեց դեսպանին նախագահական պաշտօնի դատարկութիւնը շուտով դարմանելու գծով, զայն նկատելով համայնքներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան եւ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր հանգրուան մը, շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
Դեսպանը Հոգեւոր Տիրոջ յայտնեց թէ Իրան ամէն ջանք ի գործ դրած է արաբական այլ պետութիւններու կողքին  նախագահական ընտրութեան կայացման նպաստելու համար, մաղթելով Լիբանանի քաղաքական ղեկավարները համախոհութիւն գոյացնեն, դուրս գալու համար Լիբանանի մէջ տիրող  քաղաոական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէն: 
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ խօսելու Իրանի հայ համայնքի կարեւոր ներդրումին մասին՝ երկրի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան մէջ: Դեսպանը մեծ գնահատանքով  խօսեցաւ Հայութեան մասին ընդհանրապէս եւ Իրանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի մասին մասնաւորաբար, որ գոյութիւն ունի Իրանի մէջ յատկապէս 17-րդ դարէն սկսեալ: Իրանահայ համայնքը ունի երկու ներկայացուցիչներ Իրանի խորհրդարանին մէջ որոնցմէ մին վերջերս ընտրուած է Իրանեան ճարտարարուեստական անձնախումբի անդամ ,եւ որուն մասին դեսպանը արտայայտուեցաւ մեծ գնահատանքով: Դեսպանը վստահեցուց նաեւ որ իրանեան իշխանութիւններուն հոգատար ուշադրութեան առարկան են հայերը Իրանի մէջ:
Իսլամ-Քրիստոնիայ երկխօսութեան զարգացման ծիրէն ներս, Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Վատիկան-Իրան միջ-կրօնական յարաբերութիւններուն մասին, հրաւէր ուղղելով Դեսպանին այցելութիւն մը տալ Վատիկան, ամրապնդելու եւ շեշտելու համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կապը Իրանի հետ: 
 
Հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին իր այցելութեան համար, գնահատելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան թափած ջանքերը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ