Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2013 - Եգիպտոսի եպիսկոպոսին կոչը՝ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան վերաշխուժացման համար
Գահիրէ

Աղեքսադրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհի. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսան շնորհաւորագիր մը յղեց Եգիպտոսի «Ուաքըֆ»ներու նոր նախարարին, մաղթելով անոր յաջողութիւն նոր պաշտօնին մէջ, ի խնդիր Եգիպտոսի կայունութեան ու բարեկեցութեան:

Շնորհաւորագիրին մէջ գերապայծառ տէրը Րամատանի առթիւ յոյս կը յայտնէ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան վերաշխուժացման համար, ի նպաստ Եգիպտոսի ազգային համերաշխութեան եւ խաղաղութեան: 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ