Էջմիածին
Երեքշաբթի 21 յունիսին, Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստան ժամանած Մշակույթի պապական խորհուրդի, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մշակութային ժառանգութեան և սրբազան հնագիտութեան յանձնաժողովներու նախագահ կարդինալ Ճիանֆրանքօ Ռավասիին` ուղեկցությամբ Անդրկովկասի պապական նուիրակ Գլաուտիօ արքեպիսկոպոս Կուճերոթիի:
Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը անդրադարձաւ Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ ձեւաւորուած սերտ և ջերմ յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան ընդգծելով, որ նման փոխայցելութիւններով կը նորոգուին եւ կը զօրանան երկու Եկեղեցիներու կապերը: Նորին սրբութիւնը արդիւնաւոր օրեր մաղթեց կարդինալ Ռավասիին Հայաստանի մէջ` վստահութիւն յայտնելով, որ այցելութեան ընթացքին ՀՀ Մշակույթի նախարարութեան հետ նոր համագործակցութիւն կը ձեւաւորուի եւ կեանքի կը կոչուին համատեղ զանազան ծրագիրներ:
Իր հերթին Մշակույթի պապական խորհուրդի նախագահը կարեւորեց այցելութիւնը Հայաստան, որը սկսաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընդունելութեամբ, ապա անդրադարձաւ հայ մշակույթի հետ իր ունեցած շփումներուն:
Զրոյցի ընթացքին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու կարդինալ Ճիանֆրանքօ Ռավասիին անդրադարձան նաեւ Եկեղեցիներու առջեւ ներկայացած տարբեր մարտահրաւէրներուն: Նորին սրբութիւնը կարդինալի միջոցաւ իր եղբայրական սէրն ու ողջոյնները փոխանցեց սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ին:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հայր Սերոբ Չամուրլեան Մխիթարեան միաբանութենէն: