Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2011 - Եգիպտոսի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթք` Սուրբ Թերեզա եկեղեցւոյ մէջ


Գահիրէ

Յանուն համայն աշխարհի եւ յատկապէս Եգիպտոսի խաղաղութեան, միասնական աղօթք կատարուեցաւ հինգշաբթի 27 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ Սուրբ Թերեզա եկեղեցւոյ մէջ:

Աղօթքը հրաւիրած էր Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ գերապայծառ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսան եւ Եգիպտոսի մօտ Վատիկանի դեսպան Մայքըլ Լուիս Արքեպիսկոպոս Ֆիծճերալտ:

Ներկայ եղած են ներկայացուցիչներ Եգիպտոսի բոլոր կրօնական համայնքներէն, ներառեալ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ տէր Աշոտ եպիսկոպոս սրբազան Մնացականեան, Սուտանի հոգեւոր հովիւ տէր Գաբրիէլ Աբեղայ Սարգիսեան:

Ներկաներու շարքին էին նաեւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի ատենապետ Գէորգ Երզնկացեան:

Խօսք արտասանեցին «Ազհարի» եւ «Վագէֆներու» շէյխերէն, ինչպէս նաեւ ղպտիական, յունական եւ բողոքական եկեղեցիներու առաջնորդներ կամ ներկայացուցիչներ:

Եգիպտոս կը մնայ առանց նախագահի եւ խորհրդարանի յետ Յունուար 25-էն Փետրուար 11-ի միջոցին կատարուած զանգուածային ցոյցերէն, որոնք ստիպեցին նախագահ Հոսնի Մուպարաքին որ հրաժարի իր 30-տարի վարած  պաշտօնէն: 27 ղպտի ցուցարարներ սպաննուած են Հոկտեմբեր 9-ին Գահիրէի մէջ եգիպտական բանակին հետ բախումներու հետեւանքով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ