Ուրբաթ, 22 Մայիս 2015 - Հանդիպում Հունգարիոյ Փոխ վարչապետին հետ

 

 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը 22 մայիս 2015, ուրբաթ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ Հունգարիոյ փոխ վարչապետ Սէմժէն Զոլդին հետ: Խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Հունգարիոյ հայ գաղութին պատմութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը երկրի կեանքէն ներս։ Փոխ վարչապետը դրուատեց հայերուն հաւատարմութիւնը նշելով որ  Հունգարիոյ ազատագրման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են երկու հայ զօրավարներ: «Մեզի համար - ըսաւ ան - մեծ պատիւ է  ընդունիլ Ձեզ՝ Հոգեւոր Տէր, որպէս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ։ Մենք  պարտք կը զգանք ձեզի՝ հայերուդ հանդէպ այն կարեւոր ներդրումին համար զոր ունեցած էք մեր երկրի զարգացման մէջ: Դուք սատարած էք այս երկրին անկախութեան, միշտ հաւատարիմ մնալով Հունգարիոյ պետութեան: Հայերը միշտ կարեւոր դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ Հունգարիոյ պետական հաստատութիւններէն ներս՝ արժանանալով անվերապահ յարգանքի»:

Հայ համայնքին հանդէպ դրուատալից խօսքերէն ետք,  փոխ վարչապետը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց հակիրճ պատմականը Սուրբ Ստեփանոսի Պսակին որ հունգարացիներուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի մասնաւորաբար խորհրդարանին մէջ, ուր կը պահպանուի ան եւ իւրաքանչիւր օրէնք որ վաւերացուի՝ կը ստանայ օրհնութիւնը այս սուրբ Պսակին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ