Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2014 - Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Պէյրութ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ կիրակի, 28 յունիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորին սրբութիւն Տէր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին եւ անոր  գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Հովուական եւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան հայ եւ ասորի Եկեղեցիներու բարեկամական փոխ յարաբերութիւններուն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորեց սիրոյ եւ փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը եկեղեցիներուն միջեւ ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի ամրացման:

Անոնք քննարկեցին եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ներկայ դարուն՝ շեշտելով քրիստոնէական կրթութիւն ջամբելու հրամայականը մանաւանդ նոր սերունդին: Պատրիարք Իգնատիոս անդրադարձաւ  Հնդկաստանի եւ Ամերիկայի ասորի եկեղեցիներուն յայաբերութիւններուն։

Անոնք անդրադարձան նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին, մասնաւորաբար Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով քրիստոնեաներու կրած տառապանքներուն, գաղթին եւ նշեցին, որ կ'աշխատին հարկ եղած հոգեւոր ու մարդասիրական ծառայութիւնները մատակակարելու, որպէսզի մեղմացնեն քրիստոնեայ ժողովուրդին տառապանքը:

Հանդիպումին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Այս գծով Պատրիարք Իգնատիոս Եփրեմ Բ. գնահատեց  հայութեան միասնակամութիւնը յատկապէս ազգային խնդիրներու լուծման գործընթացին մէջ: Ան անհրաժեշտ համարեց Հայոց Եղեռնի 100 ամեակի ծիրէն ներս հայ-ասորիական միացեալ միջոցառման մը կազմակերպումը:

Հանդիպումի աւարտին Իգնատիոս պատրիարքը գիրք մը նուիրեց Հոգեւոր Տիրոջ, ապա հոգեւոր հայրերը գոհունակ սրտով հրաժեշտ տուին իրարու կրկին հանդիպելու մաղթանքով:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ