Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2013 - Յովհաննէս ԻԳ.ի Եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Սրբադասման Արարողութիւնը 27 Ապրիլ 2014-ին

Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 30 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաքելական Պալատի Գոնչիսդորօ Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կարդինալական հրապարակային խորհրդաժողով մը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Երանելի Յովհաննէս ԻԳ.ի եւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի սրբադասումի դատերը եւ որպէս ''Սրբադասման Օր'' որոշուեցաւ 2014-ի 27 ապրիլը` Զատկուայ Բ. Կիրակին, որ նուիրուած է Աստուածային Ողորմութեան։

Յայտնենք թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի սրբադասման դատը սկիզբ առած էր, բացառապէս, անոր մահուան թուականէն (ապրիլ 2005) շատ քիչ ժամանակ ետք, Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետի կամքով, եւ 2011-ի մայիս մէկին, երջանկայիշատակ Քահանայապետի մահուընէ 6 տարիներ ետք, Վատիկանի մէջ մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ անոր երանացման արարողութիւնը, միլիոնաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան։
Մինչ Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետը իր մահկանացուն կնքեց 1963-ի յունիսին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի բացումէն մէկ տարի ետք ու 1965-ին Պօղոս Զ. քահանայապետը արտօնեց անոր երանացման դատը սկսիլ։

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջէն՝ http://hy.radiovaticana.va/index.asp

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ