Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2009 - Բացում Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

Բացում Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին

Զմմառ, Լիբանան

Հինգշաբթի 15 հոկտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 4.30-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, Պատրիարքական Աթոռին մօտ, նախագահութեամբ  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պէտրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարեկան Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ ուրբաթ 23 հոկտեմբեր 2009:

Սիւնհոդոսի ընթացքին, Հայրերը պիտի ուսումնասիրեն քրիստոնէական ուսուցման, ծիսական, համամիութենական, հաղորդակցութեան միջոցներու, սուրբ Գրիգոր Նարեկացի նիւթերը, եւ պիտի քննարկեն այլ եկեղեցական, հովուական, ազգային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հարցեր:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ