Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2011 - Արհիապատիւ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի հարցազրոյցը «The Egyptian Gazette» լրուատուամիջոցին հետ


Գահիրէ, Եգիպտոս

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան երէկ՝ 29 նոյեմբերին, հարցազրոյց մը ունեցաւ եգիպտական «The Egyptian Gazette» ելեկտրոնային լրատուամիջոցին հետ։
Գերապայծառ տէրը կոչ կ՛ուղղէ եգիպտացիներուն ձերբազատիլ մտավախութիւններէն, հաստատելով որ երկիրը պատրաստ է յաղթահարել բոլոր խնդիրները եւ հասնիլ բարգաւաճման ու խաղաղութեան հանգրուան։ Ան կը յայտնէ, որ ներկան վախի եւ շահարկումներու ժամանակը չէ, այլ գործելու եւ աղօթելու է։ Այս ուղղութեամբ, առաջնորդ հայրը սուրբ Պատարագ մատոյց Հելիոբոլիսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ի սպաս խաղաղութեան Եգիպտոսի մէջ։
Հարցազրոյցին մէջ, գերապայծառ Գուսան խօսք կ՛ուղղէ Եգիպտոսի բոլոր ժողովուրդին, ըսելով թէ. «մենք բոլորս կ՛ապրինք միասին, մէկ սրտով  ու մէկ հաւատքով, պաշտելով մէկ Աստուած»։
«Արտերկրի մարդիկ պէտք է իմանան, որ արեւելեան ժողովուրդները ունին եզակի բնոյթ մը, որուն պատճառաւ կրնան միասին ապրիլ համերաշխութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ, ինչքան ալ ըլլան տարբերութիւնները անոնց միջեւ։ Ասիկա այլ պատճառ է, որպէսզի լաւատես ըլլամ», աւելցուց գերապայծառ տէրը։ Ան շարունակեց ըսելով. «Այստեղ մենք բոլորս կ՛ապրինք մէկ երկրի մէջ, գործելով նոյն ուղղիով եւ պաշտելով մէկ Աստուած։ Երբեմն անյայտ ձեռքեր կը փոռձեն բաժնել նոյն երկրի զաւակները, սակայն այս բոլոր ձեռքերը շուտով պիտի բացայայտուին եւ պատիժը պիտի գտնեն իրենց չարագործութիւններուն համար։ Այսօր, շէյխերն ու քահանաները պէտք է ձեռք ձեռքի տան եւ ըսեն մարդոց, յատկապէս համեստ դասակարգին, թէ որքան սերտ են յարաբերութիւնները, յայտնելով որ ան իր առաքելութեան առաջին օրէն Եգիպտոսի մէջ, սերտ կապեր հաստատած է բոլոր կրօնապետներուն հետ։
Առաջնորդ հայրը ցաւով յայտնեց, որ որոշ լարուածութիւն կայ սուրբ Աթոռին եւ Ալ-Ազհարին միջեւ, նշելով որ կ՛աշխատի մեղմացնելու այս լարուածութիւնը, մեկնելով իր բարեկամութիւններէն Ազհարի զանազան շէյխերուն հետ։ Ան, այս ուղղութեամբ, մտադիր է կազմակերպել զանազան ձեռնարկներ եւ սեմինարներ ցոյց տալու համար թէ բոլոր աստուածային գիրքերը կոչ կ՛ուղղեն մարդոց միասին ապրելու, յարգելով իւրաքանչիւրին հաւատքն ու ապրելակերպը»։
Առաջնորդ հայրը հարցազրոյցին ընդմէջէն կոչ կ՛ուղղէ երկխօսութեան տարբեր մարդոց միջեւ, հինուելով աստուածային գիրքերուն վրայ որ նոյն պատգամը կ՛ուղղեն՝ ապրելու խաղաղութեամբ եւ յարգելու իւրաքանչիւրին հաւատքը։
Հարցազրոյցին աւարտին, ան հաստատեց, թէ այն հայերը որոնք Եգիպտոս տեղափոխուեցան 20-րդ դարու սկիզբը, օրինակ դարձան խաղաղ ապրելու եւ զիրար ընդունելու աշխարհի այս հողամասին մէջ։ «Թափանցիկութեամբ եւ արդարութեամբ կարելի է գերազանցել դժուարութիւնները, որոնցմէ այժմ կը տառապինք։ Այս երկու սկզբունքներուն բացակայութիւնը հիմնական պատճառն է երիտասարդ սերունդին բողոքելու եւ պահանջելու պետական կարգին փոփոխութիւնը։ Հիմա ժամանակն է խուսափելու անցեալի սխալներէն» եզրափակեց գերապայծառ տէրը։ 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ