Ուրբաթ, 7 Մայիս 2010 - Մամուլի Աշխատակիցներու Ընդունելութիւն` Հոգեւոր Տիրոջ Մօտ

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Հինգշաբթի
, 6 Մայիս 2010, երեկոյեան ժամը 7ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը յատուկ ընդունելութիւն շնորհեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ մամուլի մարմիններու պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն` Լիբանանի մամուլի նահատակաց օրուան առիթով: Ընդունելութեան ներկայ եղան Պատրիարքական Թեմի ընդհանուր փոխանորդª Արհի. Հ. Վարդան Եպս. Աշգարեան, Զմմառու վանքի մեծաւորª Գերյ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Գեր. Հ. Վարդան Գազանճեան եւ Գեր. Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:


Այս
առիթով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց գնահատականը` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մամուլի դերակատարութեան, վերահաստատեց իր նախանձախնդրութիւնը` օժանդակելու այս մարզի զարգացումին եւ արժեւորելէ ետք լիբանանահայ կաթողիկէ մամուլի ձեռքբերումները, կոչ ուղղեց անոր պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն`  իրենց աշխատանքին վերաբերելու որպէս առաքելութիւն` յանուն ընդհանուրի լուսաւորութեան:

Ընդունելութեան ներկայ խմբագիրներն ու մամուլի աշխատակիցները իրենց հերթին արծարծեցին լիբանանահայ կաթողիկէ մամուլի վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կատարեցին առաջարկներ` ուղղուած անոր զարգացման: Ելոյթ ունեցողները անհրաժեշտ համարեցին կանոնաւոր հերթականութեամբ կայացնել մամուլի աշխատակիցներու հանդիպումներ` ընդհանուր խնդիրներու քննարկման համար:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ