Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2014 - Համամիութենական հանդիպում Երուսաղէմի մէջ

Երուսաղէմ

Կիրակի, 25 Մայիսի 2014, երեկոյեան ժամը 8-ին,  Պօղոս Զ. եւ Աթենակորաս Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի 50-րդ տարեդարձին առթիւ, Երուսաղէմի «Սուրբ Թաղման» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում, մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի կաթողիկէ Եկեղեցիներու հովուապետերուն, ղպտի, ասորի, եթովպիացի արքեպիսկոսներուն, անկլիքան ու լուտերական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, բազմաթիւ եպիսկոպոսներու եւ Սուրբ Երկրի «յատուկ կարգավիճակը» ապահովող երկիրներու 5 հիւպատոսներուն ( ֆրանսա, Պելճիքա, Սպանիա, Իտալիա եւ Յունաստան) եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու։

Սուրբ Թաղման տաճար մուտքին, Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողոմէոս Ա. դիմաւորուեցան Սուրբ Երկրի «յատուկ կարգավիճակը» ապահովող երեք յարանուանութիւններու՝ յոյն, օրթոտոքս, ֆրանչիսկեան եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեծաւորներուն կողմէ, հուսկ երեք յարանուանութիւններու անունով խօսք առաւ Երուսաղէմի Յոյն օրթոտոքս Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքը, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Բարթողոմէոս Ա.ին։

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք խօսք առաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց։

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը նախապէս, ժամը 5-ին առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղարը՝ Կարտինալ Փարոլին եւ Քրիստոնեաներու միութեան Ժողովի կառավարիչը՝ Կարտինալ Քիւրտ Քոխ։ Յուշանուէրներու փոխանակումէն ետք, նոյն վայրին մէջ ստորագրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, ապա երկու Հովուապետերը ուղղուեցան Սուրբ Թաղման տաճար ու տաճարի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում եւ ողջագուրում, որ դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով եւ զանգակներու ղօղանջիւնով։

http://hy.radiovaticana.va/index.asp


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ