Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորագիրը Ղպտի Եկեղեցւոյ նորընտիր պապի գահակալութեան համար


Պէյրութ

Երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորագիր մը յղեց Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Թէոտորոս Բ.ի գահակալութեան առթիւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը ուղերձին մէջ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ուղիղ առաջնորդելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը Աստուծոյ, Տիրամօր եւ ամէն սուրբերու օրհնութեամբ:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ