Ուրբաթ, 29 Յուլիս 2011 - Փիլիպպոս առաքեալի գերեզմանը ի յայտ եկած է իտալացի հնախոյզերու խումբի մը կողմէ


Թուրքիա

32 տարիէ ի վեր հնագիտական պեղումները գլխաւորող իտալացի հնագէտ ֆրանչեսքօ տ՛անտրիա յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն սուրբ Փիլիպպոսի գերեզմանը, այսպէս կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։
Նշելով, որ շուրջ երկու հազար տարի առաջ քրիստոնէութիւնը տարածելու յանցանքով հռոմէացիներու կողմէ սպաննուած սուրբ Փիլիպպոսի գերեզմանը յայտնաբերուած է հիերապոլիս (Փամուքքալէ) հնամենի քաղաքին մէջ, իտալացի հնագէտը ըսած է, որ «սուրբ Փիլիպպոսը, որ Աւետարանին մէջ կը յիշատակուի, շատ մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնեայ աշխարհին համար: Անոր գերեզմանին յայտնաբերումը ամբողջ աշխարհին մէջ մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէ»:
Խօսելով կատարուած պեղումներուն մասին` փրոֆ. Տ՛անտրիան ըսած է, որ իրենք տարիներ շարունակ ամբողջովին այլ վայրի մէջ կը փնտռէին սուրբ Փիլիպպոսի գերեզմանը:
«քրիստոսի 12 առաքեալներէն սուրբ Փիլիպպոսը նահատակ կը նկատուի: Այդ պատճառով ալ անոր ի պատիւ նահատակներու բլուրին վրայ կառուցուած եկեղեցին կը կոչուի Մարտիրոս: Հնագէտները երկար տարիներ կը կարծէին, որ սուրբ Փիլիպպոսի գերեզմանը կը գտնուի այդ եկեղեցիին մէջ: Սակայն պեղումներու ժամանակ այդտեղ գերեզման չէ յայտնաբերուած: Մէկ ամիս առաջ այդ եկեղեցիէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ այլ եկեղեցւոյ մը հետքը գտանք: Իսկ երբ սկսանք պեղումներուն, գտանք սուրբ Փիլիպպոսի գերեզմանը, զոր առայժմ չենք բացած, սակայն յառաջիկային պիտի բանանք», ըսած է իտալացի փրոֆեսէօրը` նշելով, որ գերեզմանը քրիստոնէական ամբողջ աշխարհին համար ուխտատեղի պիտի դառնայ:

Փիլիպպոս առաքեալը Բեթսայիդայէն էր, Անդրէաս եւ Պետրոս առաքեալներուն քաղաքէն: Յիսուս երբ զինք առաքելութեան կը կանչէ, ան (Փիլիպպոս առաքեալը) առանց ժամանակ կորսնցնելու, կ’երթայ եւ կ’աւետէ Նաթանայէլին, որ գտած են այն մարդը՝ որու մասին օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է: Փիլիպպոս առաքեալ երեք տարիներ հետեւելէ ետք Քրիստոսին, միւս առաքեալներուն նման, կ’անցնի առաքելութեան եւ ըստ աւանդութեան կը քարոզէ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ կը նահատակուի խաչելութեամբ:
Նշենք, թէ ներկայ Փամուքքալէ` երբեմնի Հիերապոլիս, զբօսաշրջիկութեան վայր մըն է, որ նշանաւոր է իր հանքային տաք աղբիւրներով ու մրրական սպիտակ ժայռերով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ