Կիրակի, 7 Յունուար 2007 - Հ.Կ. Պատանեկան Միութեան Ս. Պատարագ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր

Յոյժ սիրելի Հ.Կ.Մ. Պատանեկան երիտասարդ երիտասարդուհիներ,

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան մթնոլորտին մէջ ենք տակաւին:

Աստուած առաքեց Իր Միածին Որդին աշխարհ մարդիկ փրկելու համար իրենց մեղքերէն ու յանցանքներէն, եւ իրենց տալու երջանկութիւն, քով քովի բերելու, ու սէր եւ համերաշխութիւն տարածելու:

Արդ՞եօք 21րդ դարուն մէջ մարդկութիւնը, որ այնքան յառաջացած է արհեստագիտութեան մարզին մէջ իր բազմատեսակ ճիւղաւորումներով՝ հաղորդակցութեան նոր արհեստագիտութենէն մինչեւ նորանոր սերնդաբանութեան հնարքները. արդ՞եօք 21րդ դարուն մարդը տակաւին փրկիչի մը պէտք ունի:

Այ՛ո, կը յարէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը Ծննդեան տօնին իր պատգամին մէջ. կ’ըսէ՝ «փրկիչ մը հարկաւոր է այսօրուայ մարդուն համար, որ հասած է լուսին եւ հրատ մոլորակները ու կը պատրաստուի տիեզերքին տիրապետելու:

Փրկիչ մը անհրաժեշտ է այսօրուան մարդուն համար, որ զանազան սահմանները անցնելով կը հետազօտէ բնութեան գաղնիքները եւ կը յաջողի նոյնիսկ հասկնալ եւ մեկնաբանել հիասքանչ կարգանիշը մարդկային ծիներուն (gռnome humain):Սրբ. Հայրը կը շարունակէ. «Այ՛ո, փրկիչի պէտք ունի 21րդ դարուն մարդը, որ հնարեց հաղորդակցութեան միջոցները internet-ի եւ անոր շնորհիւ հսկայական քայլերով յառաջացաւ հաղորդամիջոցներու արհեստագիտութեան մէջ ու վերածեց երկրագունթը համապարփակ գիւղի մը (village global):

Այսօրուան մարդը կը ներկայանայ որպէս ինքնավստահ, ինքնապահով եւ ինքնաբաւ իր ճակատագրին մասին ու խանդավար՝ իր կատարած անվիճելի յաջողութիւններուն պատճառաւ»:

Այսպէս կը ներկայանայ մեզի 21րդ դարուն մարդը, մանաւանդ զարգացած եւ ընթերցասէր միջավայրերէն ներս: Ան կ’ուզէ տպաւորութիւնը տալ որպէս թէ չափահաս եւ անկախացած եղած ըլլայ: Բայց իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է:

Եթէ մեր աչքերը պտտցնենք մեր շուրջ, ի՞նչ կը տեսնենք:

Կը տեսնենք, որ 21րդ դարուն մէջ, հակառակ բոլոր վերոյիշեալ գիւտերուն եւ արհեստագիտական յառաջդիմութեան, տակաւին կան մարդիկ, եւ հազարաւոր են անոնք, որոնք կը մեռնին անօթութենէն, հիւանդութիւններէն եւ աղքատութենէն: Նման տեսարան մը զարմանք պէտք է պատճառել մեզի. բայց անոր վարժուեցանք: Այս երեւոյթը մեզ ամօթահար պէտք էր ձգել, երբ այնքան առատութիւն եւ բժշկական միջոցներ կան աշխարհի վրայ, ու ծախսելու անզուսպ եւ սանձարձակ փափաք կը տիրէ բարեկեցիներուն մօտ: Ու՞ր է արդարութիւնը, չ’ըսելու համար ու՞ր է եղբայրսիրութիւնը:

Կան տակաւին մարդիկ, որոնք ստրկութեան մէջ կ’ապրին եւ անոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է: Ու՞ր է մարդկային քաղաքակրթութիւնը: Կան անոնք որոնք զոհ կը դառնան իրենց ցեղի եւ կրօնի անհանդորժուղութեան պատճառաւ: Հայերս կրնանք հատորներ շարադրել այս իմաստով:

կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր միջազգային օրէնքները կը հոլովեն, ու կը քարոզեն համեր՛աշխութիւն, արդար՛ութիւն եւ խաղաղ՛ութիւն բոլոր մարդոց համար՝ առանց կրօնի, սեռի կամ գոյնի խտրականութեան, եւ սակայն որքան զեղծառութիւններ կը գործուին այս մարզերուն մէջ: Արդ՞եօք Միացեալ Ազգերը կրցան յարգել տալ իրենց յայտարարած Մարդկային Իրաւունքները:

Ուրիշներ ալ կան, որոնք յուսալքուած վիճակին մէջ են, եւ կը պատրաստուին թողուլ տուն, ընտանիք եւ հայրենիք փնտռելու համար աւելի նպաստաւոր կեանքի պայմաններ, մարդու համար աւելի արժանավայել: Հայ ժողովուրդի պադուխտ համայնքները կը գտնուին ամէնուրեք:

Ասոր համար է որ Յիսուս մարդացաւ՝ փրկելու համար մարդկային ցեղը եւ ամէն մարդ իր տառապանքներէն եւ յանցանքներէն:

Ասոր համար, ամէն տարի պէտք է տօնենք Յիսուսի ծնունդը, ոչ որպէս աւանդական տօն, այլ յիշելու համար թէ միշտ փրկիչի մը պէտք ունինք:

Ասոր համար, ամէն տարի ցնծութեամբ կը կատարենք Յիսուսի Ծնունդը եւ անոր անձկութեամբ կը սպասենք:

Հակառակ բոլոր յառաջդիմութիւններուն եւ կարողութիւններուն, մարդը մնաց ինչ որ միշտ եղած է՝ պրկուած բարիին եւ չարին միջեւ: Անոր սիրտը անյագ է: Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ. «Դո՛ւն, ո՜վ Աստուած, ստեղծեցիր իմ սիրտս քեզի համար եւ միայն դուն կրնաս զայն յագեցնել»: Մարդուն սիրտը բուժուելու պէտք ունի, փրկուելու կարիք ունի, մանաւանդ երբ աշխարհը իրեն հանդէպ աւելի դաժան դարձած է: Հազար ու մէկ սպառնալիք զինք կը շրջապատեն:

Այս պայմաններուն տակ, ո՞վ կրնայ մարդը պաշտպանել ու փրկել:

Միայն Ան որ զինք սիրած է ու տակաւին անհունօրէն կը սիրէ՝ իր սիրոյ պայման չդնելով մեր յանցանքները: Յիսուս մեզ այնքան սիրեց որ Իր կեանքը զոհեց մեզի համար խաչափայտին վրայ: Յիսուս աշխարհին եւ մեր միակ փրկիչն է, ու մանաւանդ լքեալներուն, տառապեալներուն եւ աղքատներուն: Անկէ կը բղխի պարտաւորութիւնը աշխարհին աւետելու, հաւատալի ձեւով, յոյսի եւ ուրախալի այս պատգամը:

Ո՞վ յանձն պիտի առնէ սփռելու զայն: Դուք՝ ներկաներդ եւ մանաւանդ դո՛ւք ՀԿՄ.ականերդ՝ ձեր հոգիի վեհութեամբ եւ ձեր ազնիւ սրտի առատաձեռնութեամբ: Դո՛ւք երիտասարդ երիտասարդուհիներ, պիտի տարածէք Մանկացած Յիսուսին՝ Աստուծոյ Որդիին, անհուն սէրը: Դո՛ւք փոքրիկներ՝ համերաշխութեան, կորովի եւ միասնականութեան առաքեալներ պիտի դառնաք: Դո՛ւք պիտի բաշխէք ամէնուն, բայց յատկապէս հայ երիտասարդ երիտասարդուհիներուն եւ ձեր հայկական շրջապատէն ներս՝ պիտի բաշխէք անկեղծ սէր, աննահանջ քրիստոսասիրութիւն եւ անսակարկ ազգասիրութիւն:

Սիրելիներս, Մարդացած Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոս, ձեզ կը ղրկէ, տասներկու առաքեալներուն նման, ձեր փոքր աշխարհը լուսաւորելու եւ մխիթարելու համար: Ան ձեզի պիտի պարգեւէ ոյժը եւ կարողութիւնը, քանի մկրտուած էք Ս. Հոգիով եւ կրակով, ինչպէս մեզի յիշեցուց այսօրուան Աւետարանը: Ուստի՝ մի՛ վախնաք, այլ իրեն բացէք ձեր սիրտերը, ընդունեցէք իր պատգամը, որպէսզի սէրը եւ խաղաղութիւնը ամէնուն ժառանգ դառնայ: Աստուածամայրը՝ մեր երկնային մայրը, որուն միշտ կը դիմենք, ան ձեզ պիտի հովանաւորէ եւ առաջնորդէ:

Քրիստոս աշխարհին փրկիչն է:
Քրիստոս մեր փրկիչն է: Ամէն:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ