Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2008 - Մեսրոպեանի Աշակերտները Ոգեկոչեցին Արցախեան Ազատագրման Պայքարի 20-րդ Ամեակը

Լիբանան

 
Նախաձեռնութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտութեան եւ հովանաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, Երկուշաբթի, 12 Մայիս 2008-ի առաւօտեան ժամը
 
10:30ին Հ.Կ.Մ.ի «Յովհան-նէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարի 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարանի առաջինէն մինչեւ 12րդ դասարաններու աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմերը, տեսչական կազմի անդամներ, Ծնողական Յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ հիւրեր, յանձինս Վարդան Թաշճեանի եւ  Զաքար Քէշիշեանի, որ նաեւ օրուան բանախօսն էր:

Ձեռնարկը սկսաւ աւանդական շեփորի հնչիւններու ներքոյ: Նոյն այն շեփորի, որուն ղօղանջը «Ճիշդ քսան տարիներ առաջ կանչ մը իբրեւ կը հնչէր իւրաքանչիւր հայու ականջին»:  Բացման խօսքին մէջ ձեռնարկը նախաձեռնող աշակերտներէն Դալար Խաչատուրեան եւ Յակոբ Գոռնոզեան տուին հակիրճ պատմականը 80ական թուականներու վերջաւորութեան հայրենի մայրաքաղաք Երեւանի եւ Արցախի մէջ ծայր տուած ժողովրդական շարժման, որով հայրենի եւ Արցախցի մեր հայրենակիցները պատմական Արցախի «միացում»ը կը պահանջէին Մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանին հետ: «Արցախցիներուն արդար ցանկութեան, արդար պահանջով միացած հայաստանցի եղբայրներն ու քոյրերը գիշեր-ցերեկ իրարու խառնած, ցոյցերու, նստացոյցերու, հացադուլներու միջոցով կը փորձէին իրականացնել իրենց ցանկութիւնը»,- ըսաւ իր խօսքին մէջ Յակոբ Գոռնոզեանը: Սակայն, «աւա՜ղ, հողը չեն տար ետ, մինչեւ արիւն չհեղուի: Եւ այդ հողը ետ ունենալու համար, արեան սրբազան պայքարին ձեռնադրուեցան բազում հայորդիներ, որոնք կու գային Հայաստան աշխարհի չորս ծագերէն, Սփիւռքէն, միանալու համար իրենց Արցախցի քոյր-եղբայրներուն», շարունակեց Դալար Խաչատուրեանը: Այնուհետեւ յիշելով, որ այս ազատագրական պայքարին ձեռնադրուած բազում հայորդիներ այդպէս ալ չվերադարձան պատերազմի դաշտէն, Դալար Խաչատուրեան ըսաւ, որ «ձեռնարկը կը նուիրուի անոնց բոլորին, որոնց կը պարտինք Արցախի անկախութիւնը» եւ բեմ հրաւիրեց գաղութիս քաջ ծանօթ ու սիրելի մշակութային գործիչներէն, երգահան, երաժիշտ ու խմբավար, Արցախի Շուշի քաղաքի «Վարանտա» երգչախումբի խմբավար՝  Զաքար Քէշիշեան, որ փոխանցեց օրուան խորհուրդը, բոլորին հետ կիսելով հերոսական Արցախ-աշխարհի մասին իր յիշատակները:
 


 
Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ ողջունեց այս ձեռնարկը նախաձեռնող աշակերտները, ինչպէս նաեւ բարի երթ մաղթեց աւարտական դասարանի աշակերտութեան, որոնց դպրոցական կեանքի վերջին օրուան կը զուգադիպէր այս ձեռնարկը: Այնուհետեւ բանախօսը իր խօսքին մէջ յիշեց իր անձնական կեանքէն դրուագներ, կապուած Արցախի մէջ 80-ականներու վերջաւորութեան անցուցած իր օրերէն, «Վարանտա» երգչխումբի առօրեայէն, եւ ընդհանրապէս Արցախի առօրեայ անցուդարձերէն՝ պատերազմի օրերուն:
 Զաքար Քէշիշեանի խօսքին յաջորդեց «Գետաշէն» երգի կատարումը աշակերտուհի Մարի Նոէլ Քէշիշեանի կողմէն, ապա հնչեց «Պատերազմ էք գնում» երգը, որ կատարեցին Մարի Նոէլ Քէշիշեանը, Նիքոլ Սալիպին եւ Ճենի‎ֆըր Ապէթեանը:

Զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին ասմունքով հանդէս եկաւ Նազարէթ Թովմասեան: Ասմունքին զուգահեռ պաստառի վրայ ընթացաւ Մհերին մասին փաուըր փոյթ ցուցադրութիւն մը՝ պատրաստուած 11րդցի աշակերտներուն կողմէն:

Ասմունքին յաջորդեց Արցախի մասին Տի.Վի.Տի.-ի ցուցադրութիւնը, որմէ յետոյ նախակրթարանի ընդհանուր հսկիչ՝  Վարդան Ազնաուրեան կատարեց զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանին նուիրուած երգը, կիթառի վրայ նուագակցութեամբ Հուրի Խաչատուրեանի եւ Լարա Արապեանի: Երգին զուգահեռ ցուցադրուեցաւ Վիգէնին մասին փաուըր փոյթ մը:
Շահէն Մեղրեանին նուիրուած երգով հանդէս եկան Մարի Նոէլ Քէշիշեան եւ Գառնիկ Փանոսեան, որոնց կը նուագակցէին կիթառի վրայ Հուրի Խաչատուրեանը եւ Լարա Արապեանը, իսկ ‎‎ֆլիւթի վրայ՝ Գէորգ Քէշիշեանը:

 
Այնուհետեւ աշակերտուհի Սարին Դաւիթեան բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստը, փոխանցելու համար իր խօսքը:
 

Պր. Գալուստ նախ եւ առաջ ողջունեց ձեռնարկը նախաձեռնող 11րդ դասարանի աշակերտները, բոլորը հրաւիրելով բեմ: «Մենք իսկապէս հպարտ ենք ձեզի պէս սերունդ ունենալուն համար», ըսաւ տնօրէնը, ապա խօսքը ուղղելով աւարտական դասարանին վստահեցուց, որ «դուք 11 օրեր յետոյ վարժարանի վահանը պիտի յանձնէք այսօրուան ձեռնարկը կազմակերպող այս աշակերտներուն, որոնք ամենավստահելի եւ հպարտութիւն ներշնչող ձեր յաջորդներն են»:

Տնօրէնի խօսքէն յետոյ Սարին Դաւիթեան հրաւիրեց բոլորը ոտնկայս, լռութեամբ ունկնդրելու Արցախի պետական քայլերգը:
Ելքին, բոլոր ներկաները ստացան 11րդ դասարանի կողմէն այս առթիւ պատրաստուած փոսթային շնորհաւորական բացիկներ, որոնցմով ձեռնարկը նախաձեռնող աշակերտներու խումբը կը շնորհաւորէր բոլորին Արցախեան ազատագրական պայքարի 20-ամեակի առիթով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ