Պէյրութ, Լիբանան
Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2010-ի կէսօրուան ժամը 10։30-ին, Հ.Կ.Մ.ի «Հովհ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի, Վարդանանց նուիրուած տօնահանդէսը։
Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները կատարեց վարժարանի երգչախումբը, որմէ յետոյ օրուան հանդիսավար երկրորդական բաժինի աշակերտուհի Ցոլինէ Շահինեան բեմ հրաւիրեց աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ազնիւ Վարդանեանը, արտասանելու համար բացման խօսքը։
Բացման խօսքին յաջորդեց գեղեցիկ ու հայաշունչ ոգիով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր երգ, պար, ասմունք, մարտարուեստի պարային ցուցադրութիւն, նուագ երգեհոնի, կիթառի վրայ։
Օրուան պատգամախօսն էր «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի տնօրէն, Պր. Աւօ Կիտանեան, որ խօսքը սկսելէ առաջ նախ յիշեց, որ մօտաւորապէս 25 տարիներ առաջ ինքն ալ եղած է Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ եւ շրջանաւարտ եւ իր հայեցի դաստիարակութիւնը ստացած է այս կրթօճա
խին մէջ։ Այնուհետեւ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ան ըսաւ. «Այս տօնակատարութիւնը ազգերու պատմութեան մէջ քիչ պատահող եղելութիւններէն է, երբ ազգ մը դարեր յետոյ տակաւին կը յիշէ իր ժողովուրդի տարած պարտութիւնը՝ որով սակայն պատմութեան էջերուն մէջ կÿարձանագրէ բարոյական հզօր յաղթանակ։ Այս պատերազմէն մենք ունինք քաղելու երկու կարեւոր բաներ. նախ, որ պարտութիւնները չեն նշանակեր, որ պէտք է ընկրկինք ու փոխենք մեր դիրքորոշումները, եւ երկրորդ՝ որ բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր ազգերու մէջ կրնան գտնուիլ նաեւ դաւաճաններ, որոնց անունը սակայն պիտի գրուի պատմութեան սեւ էջերուն մէջ»։
Օրուան յայտագիրը նաեւ կ՛ընդգրկէր պարգեւատրում։ Նախակրթարանի 4-6 դասարաններու աշակերտները պատրաստած էին պատի թերթեր, նուիրուած Վարդանանց թեմային։ Անոնցմէ լաւագոյն երեքը պարգեւատրուեցան գիրքերով, որոնք յանձնեց Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան։ Գերապայծառ Հայրը իր անուանակոչութեան առթիւ վարժարանի անձնակազմի անունով ստացաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը։