Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Մասնակցեցաւ Հոգեւոր Պետերու Ժողովին

Լիբանան

 
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւէրով, Երեքշաբթի 24 Յունիս 2008ին, Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս  ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը
 
մասնակցեցաւ հոգեւոր պետերու ժողովին Պաապտայի մէջ: Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախա•ահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանը, յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ վեր. Սելիմ Սահիունը, Լիբանանի մէջ ասորի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Մար Նարսայ Էլիաս Տի Պազ եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հոգեւոր պետեր:

Նախագահ Սլէյման հոգեւոր բոլոր պետերէն օրհնութիւն ստանալէ ետք արտասանեց իր խօսքը՝ նշելով, որ լիբանանցիներուն միջեւ բախումներն ու տարակարծութիւնները հասած են անձնասպանութեան աստիճանի:

 
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ հաւանաբար լաւագոյն մաղթանքը եւ միջոցը պիտի ըլլայ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան գործընթացը արագացնել, այնպէս մը, որ այդ
 
կառավարութիւնը գոհացնէ լիբանանցիներուն կամքը, անոնց փայլուն ապագայ մը ապահովէ եւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները բարձրացնէ քաղաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեան գագաթնակէտին՝ իրենց հայրենիքին եւ ժողովուրդին նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ անիկա կը պահանջէ զոհողութիւններ եւ զիջումներ կատարել:
Ապա նախագահական պալատին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ Լիբանանի հոգեւոր պետերուն:

Ճաշկերոյթին ընթացքին նախագահ Սլէյմանի եւ հոգեւոր պետերուն միացան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
Ճաշկերոյթէն ետք կատարուեցան խորհրդակցութիւններ, որոնց լոյսին տակ իսլամ - քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբը պատրաստեց հաղորդագրութիւն մը, որ ընթերցուեցաւ յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապի կողմէ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ