Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2009 - Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը յայտարարէ Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան

Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը յայտարարէ Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան,
Ափրիկեան եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին:

Հռոմ, Իտալիա

Ափրիկեան եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ընթացքին Հռոմի մէջ, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան յայտարարած է թէ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպաննուեր են, եւ ասիկա Ցեղասպաննութիւն էր»: Ան աւելցուցած է. «Հայոց պետութեան եւ հայ՝ կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները կը պահանջեն, որ Թուրքիան հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէ: Մենք նաեւ կը պահանջենք, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, փոխհատուցում կատարէ զոհերու սերունդներուն եւ դառնայ հայերու քաղաքացիական, քաղաքական եւ կրօնական իրաւունքներու երաշխաւորը»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ