Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2012 - «Հրանդ Տինք» միջ-դպրոցական շարադրութեան մրցում


Պուրճ Համուտ

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, շաբաթ, 18 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, երկրորդ տարին ըլլալով, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջ-դպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 13 վարժարաններու:
Մրցումին բարի գալուստի խօսքը խմբակին անունով արտասանեց Րաֆֆի Աբրահամեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Տինքի յիշատակին, որ կը միտի հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ` քաջալեր հանդիսանալով ճշգրտօրէն հայերէնի գործածութեան: Աբրահամեան ըսաւ. «Մենք պէտք է լաւապէս ճանչնանք մեր պատմութիւնը, յարգանք մատուցենք մեր նահատակներուն, եւ շարունակենք պահանջատիրութեան ուղին»: Աբրահամեան աւելցուց, որ մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմեն Շահան Գանտահարեան, Սարգիս Նաճարեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան:
Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան, որ ներկայացուց մրցանքին օրէնքներն ու կանոնները: Ան յայտնեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ «Հրանդ Տինք»ին  նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ: Նաճարեան աւելցուց, որ նշանակը իբրեւ խորհրդանիշ կը պահուի եւ դպրոցէ-դպրոց շրջագայութեան մէջ մտնելով կը յաւերժացնէ նահատակին յիշատակը:
Սարգիս Նաճարեան գնահատեց մասնակից աշակերտներու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Իր խօսքի աւարտին, Նաճարեան շեշտեց, թէ աշակերտները պէտք է սիրեն մայրենին, պահպանեն հայութեան արժէքները եւ հետապնդեն հայութեան դատը, որպէսզի ապահովուի Տինքի սկսած երթին շարունակութիւնը:
Մրցանքի դատական կազմի խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք, մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները:
Յայտնենք, որ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 16 մարտ 2012-ին կայանալիք յատուկ հանդիսութեան ընթացքին:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ