Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2013 - Սուրբ Պետրոսի գահը չի կրնար փոխել Յիսուսեան միաբանի զգացումները


Ի լուր հայ ժողովուրդի իր բնօրրանէն տեղահանութեան, բռնագաղթին, չարչարանքներուն, գողգոթային, մէկ խօսքով՝ օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան,  28 Յուլիս 1915-ին միջազգային ընտանիքին ու անոր յաճախ նենգաբարոյ ղեկավարներուն  ուղղած իր ցնցիչ կոչերէն մէկուն մէջ՝ Բենեդիկտոս ԺԵ. երջանկայիշատակ Քահանայապետը ըսած է.- «Ազգերը չե՛ն մեռնիր։ Հարստահարուած եւ ստրկացուած՝ թէեւ կը տանին իրենց պարտադրուած լուծը, բայց ատիկա իրենց մէջ կը պատրաստէ փոխ-վրէժը»։

Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետի յաջորդի՝  Ֆրանչիսկոս Պապին գահակալութեան մեծաշուք արարողութեան  մասնակից 132 օտար պատուիրակութիւններու եւ 31 Պետութեանց ղեկավարներու շարքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի,  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցչին եւ ասոնց գլխաւորած պատուիրակութիւններուն Վատիկան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Սբ. Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահարիւր հազարաւոր ժողովուրդին վերեւ ծածանող բազմաթիւ երկիրներու դրօշակներու շարքին ծփացող հայկական  եռագոյնը հանդիսացան Բենեդիկտոս ԺԵ.ի կողմէ շուրջ դար մը առաջ կատարուած պատմական հաւաստիացումին ճշմարտացիութեան Վատիկանի երկնամերձ գմբեթներէն հնչող արձագանգը։ 

Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013-ին, շուրջ դար մը առաջ ցեղասպանուած ժողովուրդի նախագահին եւ հոգեւոր պետերուն ներկայութիւնը Վատիկան՝  աշխարհի ղեկավարներու կողքին, հայկական եռագոյնին ծածանումը Վատիկանի երկնակամարին ներքեւ, Նախ. Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ տեղի ունեցած շնորհաւորական ջերմ ձեռքսեղմումը, որ սոսկ փրոթոքոլային պարտադրանքով կատարուած ձեւակերպութիւն մը չէր, այլ կ՛արտայայտէր քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունող աշխարհի առաջին ժողովուրդին ուրախութիւնը՝ ի լուր հայ ժողովուրդի  մէկ բարեկամին Սբ. Պետրոսի Աթոռին 266-րդ գահակալ ընտրութեան՝   հանդիսացան ապացոյցը  մոռացութեան եւ ժամանակին վրայ  թրքական պետութեան կողմէ դրուած գրաւի պարտութեան եւ  □հարստահարուած ու ստրկացուած Ազգի փոխ-վրէժին□։ Փոխ-վրէժ մը՝ առանց արիւնահեղութեան, այլ տեղահանուած ու կոտորուած Ազգի փառաւոր յարութեամբ, վերածնունդով, աշխարհասփիւռ կառոյցներով, անկախ  պետականութեամբ, արձանագրած նուաճումներով ու յաղթանակներով եւ իր պահանջատիրութեամբ միջազգային բեմին վրայ  բարձրաճակատ ծառացումով ցեղասպան տէրութեան ժառանգորդներուն դիմաց։ Այս բոլորը, բնականաբար, փոխ-վրէժի լրումը չեն։ Այդ փոխ-վրէժը իր լրումին հասցնելու հայ ժողովուրդի պատրաստուածութեան ու վճռականութեան ապացոյցը՝ փոխ-վրէժի լրումին հասցնող ճանապարհը դեռ  երկար  ըլլալով։

Այն ինչ որ 19 Մարտ 2013-ին եւ անոր յաջորդող օրերուն տեսան ու լսեցին   Վատիկան համախմբուած քրիստոնեայ աշխարհի եւ այլակրօն երկիրներու քաղաքական եւ հոգեւոր պետերը՝ իր վրայ կեդրոնացուց եւ դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակէ կեդրոնացնել միջազգային բեմին լուսարձակները։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ամբողջ քրիստոնէութիւնը եւ համայն աշխարհ պիտի շարունակէ խորազննել  նորընտրեալ Պապին խօսքերն  ու արարքները, որոնք կը կրեն յիսուսեան միաբանի դրոշմը։

Վստահ ենք որ Կարդինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի Պապ ընտրութեան, անձին, կենսագրութեան, վարքին եւ հուսկ  գահակալութեան արարողութիւններուն մասին միջազգային  զանգուածային լրատուամիջոցներուն միջոցաւ աշխարհին փոխանցուած, մանաւանդ նախքան Պապ ընտրութիւնը՝ իբրեւ Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս ունեցած հայանպաստ ելոյթներուն եւ  հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած համակրութիւնը արտայայտող արարքներու վերյիշեցումին լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցաւ նաեւ Թուրքիան, որ վստահաբար անհանգստանալու նոր պատճառ մը տեսաւ անոնց մէջ։ 

Արդարեւ, Հռոմի Պապին նման աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ հեղինակութիւններէն մէկուն  Ճշմարտախօսութեան եւ Արդարամտութեան  մասին տրուած վկայութիւնները բնականաբար չեն կրնար չանհանգստացնել Թուրքիոյ  նման այլատեաց,  պատմական ճշմարտութիւնները ուրացող, արդարութեան հակադրուող, մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները ոտնահարող եւ սեփական ժողովուրդն իսկ ճնշող ու ազատազրկող պետութեան մը ղեկավարները, որոնք հարազատ ժառանգորդներն են հայ ժողովուրդը բնաջնջել փորձած օսմանեան ոճրագործներուն, որովհետեւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան հետամուտ մարդը, առաւել եւս յիսուսեան քահանան, չի՛ կրնար հայասէր չըլլալ։

Այն ինչ որ ըսուեցաւ ու գրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հայասիրութեան մասին՝ թերեւս անակնկալ մը եղաւ ոմանց համար կամ  անտարբերութեամբ դիմաւորուեցաւ ուրիշներու կողմէ, սակայն չզարմացուց  Յիսուսեան միաբաններուն կողմէ տարագիր հայ ժողովուրդին  մատուցուած ծառայութիւններուն ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար  Միաբանութեան Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ծաւալած հայանպաստ գործունէութեան գիտակ մարդիկը,  որովհետեւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը իբրեւ հոգեւորական կազմաւորուած է Յիսուսեան Միաբանութեան յարկին տակ։ Միաբանութիւն մը, որուն անդամներէն շատերը քաջ ծանօթ են  հայոց պատմութեան, մշակոյթին, ծէսին եւ Կիլիկեան ոստաններէն մինչեւ  Սուրիոյ անապատները եւ Միջերկրականի ափերը երկարող Խաչի ճանապարհին։ Այս մօտիկութիւնը չէր կրնար  հայասէր չդարձնել յիսուսեանները, որովհետեւ հայասէր ըլլալ կը նշանակէ գնահատել մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու բարոյական արժէքները, հայապաշտպան ըլլալ կը նշանակէ հետամուտ ըլլալ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան։ Իսկ յիսուսեանները ծանօթ են որպէս Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան առաքեալներ։ Անոնք ՃՇՄԱՐԻՏ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ պաշտպանութեան բանակը եւ ՃՇՄԱՐԻՏ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ (ամենազգի) հարազատ տիպարն են։ 

Հայ ժողովուրդի գողգոթային վկայ յիսուսեանները իրենց շարքերուն մէջ ընդգրկած են Հայր Փասքալ Ծուլիկեանին, Հայր Յովհաննէս Մսըրլեանին (Հիմնադիր եւ վարիչ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնին, ուրկից շրջանաւարտ է լիբանանանահայ մտաւորականններու ամբողջ հոյլ մը), Հայր Սահակ Քէշիշեանին, Հայր Ճապուրեանին նման բազմաթիւ նուիրեալ ու մտաւորական միաբաններ։  Յիսուսեան Միաբանութեան  ներկայ Ընդհանուր Մեծաւորին՝ սպանացի Հայր Ատոլֆօ Նիգոլասին նախորդը, հոլանտացի Հայր Փիթըր Հանց Քոլֆենպախ եղած է ոչ միայն հայախօս, այլ հայագէտ, գրաբարագէտ, հայ ծէսին ու մշակոյթին քաջածանօթ, մատուցած է հայածէս պատարագ։ Աւելի քան 15.000 անդամ հաշուող այս միաբանութիւնը ստեղծած էր Mission d՚Armenie-ն, որուն նպատակն էր օգնել հայ տարագիր սերունդներու հոգե-մտաւոր դաստիարակութեան եւ որուն իրենց ուսումնառութիւնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը կը պարտին օսմանեան եաթաղանէն ճողոպրած մնացորդացի զաւակներ յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր հայկական վարժարաններ հիմնած էր ան (Այս վարժարաններէն վերջինը՝ Աշրաֆիէի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանն էր)։  Լիբանանի ափերը «նետուած» տարագիր հայութեան առաջին սերունդը  եւ անոր ժառանգորդները երախտագիտութեամբ միայն կրնան յիշել Հայր Անթուան Փուատըպարին անունը. ֆրանսացի յիսուսեան այս առաքեալը 1922-ին Լիբանան ղրկուած էր զբաղելու համար հայ գաղթականներով. ան ծառայեց յատկապէս Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի եւ Աշրաֆիէի մէջ ստեղծուած հայկական «քէմբ»երուն մէջ, ջանալով հնարաւորին չափ թեթեւցնել գաղթականաց տառապանքը եւ ապագայի հանդէպ յոյս եւ հաւատք ներշնչել անոնց։ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի նախկին սաները հայ ծէսին եւ Եկմալեան Պատարագի երգասացութեան իրենց սէրը կը պարտին Հայր Գոկոյին, ծայր աստիճան խոնարհ, բայց գիտնական այս յիսուսեան վարդապետին որ  երգեհոնով Եկմալեան Պատարագը եւ հայկական շարականները կ՚ուսուցանէր վարժարանի աշակերտութեան։ Աշխարհի  համարեա բոլոր կողմերը հաստատուած Յիսուսեան միաբանութեան բարձրագոյն կրթօճախներէն եւ ընդհանրապէս կրթական հաստատութիւններէն (որոնց թիւը թերեւս հարիւրը կ՚անցնի) տողանցած են տարբեր երկիրներու ղեկավարներու սերունդներ։ Կը բաւէ նշել որ  Լիբանանի պետական մարդոց եւ քաղաքական գործիչներուն մեծ մասը (իսլամ եւ քրիստոնեայ) յիսուսեան վարժարաններու եւ համալսարաններու շրջանաւարտներ են։                             

Յիսուսեան Միաբանութիւնը կը նկատուի տիեզերական եկեղեցւոյ ամէնէն կարգապահ բանակը, իսկ անոր  ընդհանուր մեծաւորը՝ Վատիկանի □Սեւ Պապը□ (իմա՝ սեւազգեստ)՝ կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցիէն ներս Միաբանութեան վայելած  հեղինակութեան եւ ունեցած  ազդեցութեան պատճառով։   Պատահական չէ անշուշտ որ Վատիկանի պաշտօնական բանբերը՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յիսուսեան է։

Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիոյ արժանթինցի է, Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկիրներէն մէկուն քաղաքացին։  Պապ ընտրուելէն առաջ, ան եղած է Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը եւ այս հանգամանքով ալ սերտ շփման մէջ եղած է Լատին Ամերիկայի հայկական շրջանակներուն, մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հետ։ Ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին առիթով անոր կատարած կոչը Թուրքիոյ՝ ճանչնալու օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ համայն մարդկութեան դէմ գործուած ծանրագոյն ոճրագործութիւնը։ Կարդինալ Պերկոլիոյ, որ այժմ ոչ միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետն է, այլ Վատիկան պետութեան ղեկավարը, տարբեր առիթներով ալ իր արդարամտութեան ապացոյցը տուած է դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համակրանքը յայտնելով հայ ժողովուրդին։ Քաղաքավարութեան կամ ձեւակերպութեան համար չէ որ  Հայ Եկեղեցւոյ պետերը  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին  յղած իրենց շնորհաւորագրերուն մէջ երախտագիտական զգացումներով ողջունեցին անոր ընտրութիւնը։ Նշանակալից է նաեւ որ նորընտրեալ Քահանայապետը ընդունեց Հինգշաբթի 21 Մարտին առանձնակի հանդիպում մը ունենալ Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Վարդան Եպ. Պօղոսեանին հետ՝  որ Արժանթինի հայ համայնքին երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր՝  համայնքին հանդէպ ցուցաբերած սրտակցութեան ու հոգատարութեան համար։ Այս առթիւ, որպէս Արժանթինի հայութեան երախտագիտութեան շօշափելի արտայայտութիւն, Պօղոսեան Սրբազանը Պապին նուիրեց Յակոբ Մեղապարտի Ուրբաթագիրքի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ հայկական տպագրութեան 500 ամեակը նշող յոբելինական մետալը։ Հանդիպումի աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով արժանթինահայութեան, Քահանայապետը՝ իրեն յատուկ խոնարհութեամբ յիշեց Պուէնոս Այրէսի Տիրամայր Նարեկի Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Փապլօ Հաքիմեանը։

Ահա այսպիսին եղաւ Կարդինալ Պերկոլիոյ, Յիսուսեան միաբանը՝ հայ ժողովուրդին համար։  Վստահ ենք որ Սբ. Պետրոսի Գահը չէ որ պիտի փոխէ յիսուսեան առաքեալին համոզումները եւ զգացումները,  որքան ալ անոր զբաղեցուցած պաշտօնը Իրեն յաճախ թելադրեն  զգուշաւորութիւն իր ելոյթներուն մէջ։ Այսուհետեւ, անոր համոզումներուն ու զգացումներուն  արտայայտութիւնը  պէտք է փնտռել ոչ այնքան իր հրապարակային ելոյթներուն որքան իր լուսարձակներէ հեռու գործունէութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդը, որուն հանդէպ նորընտրեալ Սրբազան Քահանայապետը իր համակրութիւնը զգացուցած է բազմաթիւ առիթներով,  իրաւունք ունի ակնկալելու այդ համակրութեան շօշափելի արտայայտութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետի գործունէութեան մէջ՝ մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին։ Այս ակնկալութիւնները Անոր յուշելու պարտականութիւնը ունին նախ  հայ հոգեւոր պետերը, ապա նաեւ  հայկական դիւանագիտութիւնը, մանաւանդ որ հիմա Հայաստան ունի իր լիազօր դեսպանը Վատիկանի մօտ, եւ վերջապէս աշխարհասփիւռ հայկական մամուլն ու լրատուամիջոցները։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ