Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հոգեւոր Տէրը՝ Սիւնհոդոսական Հայրերուն հետ


Վատիկան

Սրբազան Քահանայապետի մարտ 7՝ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ սիւնհոդոսական նիստին առթիւ Հռոմ գտնուող Հայ կաթողիկէ Նուիրապետութեան եպիսկոպոսները, գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին սկիզբը, Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդներուն՝ ըսելով.- ''Եղբայրական սիրով կ՛ուզեմ ողջունել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ը եւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ ժամանած են զանազան ցամաքամասերէ գումարելու համար իրենց տարեկան սիւնհոդոսական նիստը: Գնահատանքս կը յայտնեմ անոնց, իրենց աւանդական քրիտոնէական ժառանգութեան եւ սուրբ Պետրոսի յաջորդին հանդէպ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան համար: Հաւատարմութիւն մը՝ որ թիկունք հանդիսացաւ իրենց պատմութեան բազմաթիւ դժուարութիւններու ընթացքին'':

''Իրենց կ՛ուղեկցիմ անձկագին աղօթքներովս եւ առաքելական օրհնութեամբ, յուսալով որ սիւնհոդոսական աշխատանքները աճեցնեն առաջնորդներուն միջեւ միութիւնը` այնպէս որ անոնք կարենան նորոգուած աւետարանական հոգիով առաջնորդել հայ կաթողիկէները Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ անձնուիրումի եւ ուրախ վկայութեան ճանապարհին վրայ: Մինչ հայ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական աշխատանքները կը յանձնեմ Աստուծոյ Ամենասուրբ Մօր խնամքին` Իմ աղօթարար մտածումս կ՛երկարեմ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի շրջաններուն՝ քաջալերելով Հովիւներն ու համայն հաւատացեալները յոյսով յարատեւելու եւ յառաջ ընթանալու հակառակ դժուար ու տառապալից վիճակին որուն մէջ կ՛ապրին'':

Ունկնդրութեան աւարտին, Հայ կաթողիկէ հայրապետները առիթը ունեցան առանձնապէս ողջունելու Սրբազան Քահանայապետը:

Նշենք որ 6 մարտէն մինչեւ 13 մարտ, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն եւ վիճակաւորներուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ